ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած Միջազգային խաղաղութեան «Քարնըկի» հիմնադրամի փորձագէտ Թոմաս տէ Վաալ, The National Interest հանդէսին մէջ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի արտագաղթին՝ սկսելով Գիւմրի իր այցելութեան յուշերով:
  Անդրադառնալով երկրաշարժին յաջորդող 23 տարիներուն՝ ան կը նշէ, թէ Գիւմրին տակաւին չէ վերականգնած, եւ թէ 6000 ընտանիք կը շարունակէ ապրիլ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։
«Բայց Գիւմրիի մէջ կայ շատ աւելի թաքնուած խնդիր, որ առաւել ակնյայտ է՝ համեմատած մայրաքաղաք Երեւանի կամ նախկին Խորհրդային Միութեան մեծ քաղաքներու հետ», կը գրէ Թոմաս տէ Վաալ եւ կը նշէ, թէ տուներուն կէսը լքուած է ու հազարաւոր մարդիկ հեռացած են:
Փորձագէտը կը համադրէ անցեալ ամսուան վերջաւորութեան եօթմիլիառերորդ մարդու ծննդեան առնչութեամբ համաշխարհային հրճուանքը եւ որոշ երկիրներու մէջ ժողովրդագրական անբաւարար պատկերը: «Մեծ մասամբ նախկին խորհըրդային երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Պելոռուսի, ծնելիութեան ցած ցուցանիշներու պատճառով, բնակչութիւնը անհրաժեշտ չափով չի համալրուիր», կը գրէ տէ Վաալ եւ կը վկայակոչէ այն պնդումը, թէ ժողովրդագրական ցուցանիշներու անկման պատճառը նաեւ արտագաղթն է:
«Այս խնդիրը հարուածած է նաեւ Կեդրոնական Ասիան, Վրաստանը, Ատրպէյճանը, ուր յատկապէս գիւղացի երիտասարդութիւնը կը մեկնի առաւելապէս Ռուսիա կամ նախկին Խորհրդային Միութեան մեծ քաղաքները», կ՛աւելցնէ փորձագէտը:
Ըստ Թոմաս տէ Վաալի, Հայաստանի արտագաղթի տուեալները աւելի վատ չեն, քան Հարաւային Կովկասի երկու հարեւան երկիրներունը՝ Ատրպէյճանինը եւ Վրաստանինը: Ան կը նշէ նաեւ, որ Հայաստանը փոքր երկիր է, եւ այս հանգամանքը արտագաղթը կը դարձնէ առաւել քննադատելի խնդիր:
«2001ի մարդահամարի տուեալներով, Հայաստանի մէջ կ՛ապրէր աւելի քան 3 միլիոն մարդ, բայց հիմա կ՛ըսեն, որ ատիկա աւելի լաւ ցուցանիշ էր քան այն, որ կայ այսօր: Ցուցանիշները անկում արձանագրած են, բացի 1989-1992ի տարիներու իրավիճակէն, երբ Հայաստան գաղթեցին Լեռնային Ղարաբաղէն, Ատրպէյճանէն կամ Միջին Արեւելքէն», կը գրէ վերլուծաբանը:
Վերլուծաբանը նաեւ կ՛անդրադառնայ Ռուսիոյ կառավարութեան «Հայրենակիցներ» ծրագիրով՝ Հայաստանը լքելու խնդիրին: Անոր գնահատումով, Ռուսիա Հայաստանի հիմնական գործընկերն է, սակայն այս «դաշնակիցներէն մէկը իր ժողովրդագրական խնդիրները կը լուծէ՝ միւսին հաշւոյն»:
«Քարնըկի»ի փորձագէտը կը յիշէ Հայաստանի մէջ ընդդիմադիրներու հետ իր զրոյցները: Ան կը գրէ, որ ընդդիմադիրները կը պնդէին, թէ կառավարութիւնը հետաքրքրուած չէ արտագաղթը դադրեցնելու հարցով: «Ատիկա կը գործածուի իբրեւ ճնշման միջոց՝ դժգոհ զանգուածներու պարագային կառավարութեան հեղինակութիւնը  նսեմացնելու նկատառումներով», կը գրէ տէ Վաալ, ըստ որուն, «դժուար է ըսել, որ երկիրը կը զարգանայ, երբ անիկա ուժասպառ կը դառնայ արտագաղթէն»:
Փորձագէտը այս խնդիրին ելքը կը համարէ տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներու լուծումը, նաեւ կարեւոր կը համարէ Հայաստանի մէջ կրթութեան որակի բարձրացումը:
«Քարնըկի» հիմնադրամի աւագ փորձագէտը իր հրապարակումը կ՛եզրափակէ՝ յուսալով, որ երբ Հայաստանը ապրի ազգային ծաղկունք, գաղթողները պիտի վերադառնան: