Երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ ԱՊՀ երկիրներու միջկրօնական խորհուրդի երկօրեայ նիստը:
Նախապէս, առանձին հանդիպում կայացաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի Քիրիլ պատրիարքի եւ Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազադէի միջեւ, որոնք հանդէս եկան միասնաբար ուղղուած կոչով՝ շփման գիծէն դիպուհակահարներու հեռացման կապակցութեամբ:

Հոգեւոր առաջնորդներու քննարկումներու առանցքը կազմեց աշխարհի տարածքին ու յատկապէս ԱՊՀէն ներս հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման հարցը: Կրօնապետերը վերահաստատեցին այն միտքը, որ այդ խնդիրներու լուծումը միայն պետական գործիչներու ուսերուն չէ դրուած, այլ նաեւ հոգեւորականներու:
Նիստի բացման ներկայ գտնուեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ելոյթներու ընթացքին հոգեւոր առաջնորդները եւ ՀՀ նախագահը անդրադարձան ԼՂՀ հակամարտութեան ու անոր ծանր հետեւանքներու յաղթահարման՝ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով:
«Մեր մեծ ցաւն է ԼՂՀ հակամարտութիւնը: Այն լուծելու համար միակ իրատեսական ուղին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներում խաղաղ բանակցութիւնների գործընթացն է: Հայաստանը հետեւողականօրէն շարժւում է այդ ճանապարհով, քանի որ դրա այլընտրանքը որեւէ բարիք չի բերելու ո՛չ մեր հարեւաններին եւ ո՛չ էլ մեզ»,- ըսած է Սերժ Սարգսեանը:
Նախագահը խօսած է Արցախի հայկական յուշարձաններու ոչնչացման խնդիրներու մասին: Ան դիտել տուած է թէ «արդի աշխարհում յաճախ են արծարծւում այս թեմաները: Բայց այդ քննարկումների ժամանակ երբեմն մոռացւում է, որ «հանդուրժել» նշանակում է համակերպուել մի բանի գոյութեան հետ, որն այնքան էլ հաճելի չէ: Իսկ դա կարող է լինել մեր բոլորի ցանկացածի նուազագոյն շեմը միայն: Մենք պէտք է առաջին հերթին կարեւորենք փոխադարձ շփումները, այլ ոչ թէ մեկուսացումը: Մենք պէտք է կարեւորենք փոխադարձ ըմբռնումը, այլ ոչ թէ, այսպէս ասած, «օտարի» հանդէպ կասկածամտութիւնը: Մենք պարտաւոր ենք անցնել հանդուրժողականութիւնից անդին՝ դէպի փոխադարձ խորը յարգանք խորհրդանշող աւելի բարձր մակարդակը:
ՀՀ նախագահը շարունակեց ըսելով թէ «հայ ժողովուրդը կայացրել է իր պատմական ու անշրջելի որոշումը՝ զարգանալ իր հարեւանների, բարեկամների եւ համայն մարդկութեան հետ առաւելագոյն համագործակցութեան ուղով: Մենք գտնում ենք, որ հակասութիւններն ու խնդիրները պէտք է կարգաւորուեն շփումների, բանակցութիւնների եւ համագործակցութեան, եւ ոչ թէ սպառնալիքների ու լարման մեծացման միջոցով«:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, տագնապը լուծելու միակ իրատեսական ուղին Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններու հոլովոյթն է, եւ Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի շարժի այդ ճամբով, քանի որ անոր այլընտրանքը ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ դրացի երկրի ժողովուրդին որեւէ բարիք կը խոստանայ: Հայաստանի նախագահը նշեց, որ տագնապին կրօնական երանգաւորումներ տալու բոլոր փորձերը ապակառուցողական են: Ըստ անոր, կարելի չէ թոյլ տալ, որ երկու մեծ կրօնները՝ քրիստոնէութիւնը եւ մահմետականութիւնը, զորս երկու ժողովուրդները կը դաւանին, փորձել իրարու հակադրել: Ան անընդունելի նկատեց նաեւ տագնապի քողին տակ պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան յուշարձանները ոչնչացնելու գործողութիւնները: «Այս կարեւորագոյն լսարանին առջեւ Հայաստանի անունով կը վերահաստատեմ բոլոր այսպիսի արժէքները պահպանելու եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, մեր յանձնառութիւնը վերականգնելու», ըսաւ Սերժ Սարգսեան:
Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ  Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ նոյնպէս անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապին: Սակայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան‘ Փաշազատէի ելոյթէն առաջ, երբ խօսքը տակաւին անոր չէր տրուած, հեռացաւ սրահէն: Նիստը վարող Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքը յայտարարեց, որ նախագահը հանդիպումներ ունի եւ այդ պատճառով չի կրնար մինչեւ նիստին աւարտը ներկայ գտնուիլ:
Մահմետական հոգեւոր առաջնորդը յայտարարեց, որ դժբախտաբար այսօր իրականութիւնը այն է, որ ԱՊՀ-ի տարածքին, ներառեալ Կովկասի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ստիպուած են գաղթականի կարգավիճակով ապրիլ:
«Մենք ամբողջութեամբ կը սատարենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկիրներու ղեկավարներուն եւ մեր պետութիւններու նախագահներուն ջանքերուն: Միաժամանակ, դժբախտաբար, պէտք է նշել, որ մինչեւ այսօր չէ գործադրուած ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի յայտնի բանաձեւը, եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու երկարամեայ ջանքերն ալ իրական արդիւնք չեն տուած», յայտնեց Փաշազադէ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպման մը ընթացքին պետական պարգեւ յանձնեց Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքին: