ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Յունուար 23ին, ժամը 15:25ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով), մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներուն կողմէ սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուած՝ ղարաբաղեան կողմ անցնելու ատեն ձերբակալուած է Ատրպէյճանի քաղաքացի մը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ կը յայտարարեն «Մեր բանակը 20 տարեկան է» թեմայով շարադրութեան (բանաստեղծութիւն, պատմուածք, գրութիւն, քերթուած) հանրապետական մրցոյթ` նուիրուած հայկական բանակի օրուան:

Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանի եւ ռազմական կցորդ Սամուէլ Ռամազեանի հրաւէրով, այսօր երեկոյեան, Աթէնքի Սպայից ակումբէն ներս տեղի կÿունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու 20-րդ  տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միջազգային իրաւապաշտպան «Հիւմըն Ռայթզ Ուա»չ (Human Rights Watch) կազմակերպութեան հրապարակած տարեկան զեկուցումին համաձայն, Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ոտնակոխել մարդկային իրաւունքները, իսկ միջազգային գործընկերները իրենց տրուած իրաւունքները չեն օգտագործեր, որպէսզի կացութիւնը բարելաւեն։

«Ազատ Ձայն» լրատուականը կը ներկայացնէ հարցազրոյց «Ախալցխայի վերածնունդ» կայքի գլխաւոր խմբագիր Էդուարդ Այվազեանի հետ՝ «Ջաւախքում ապրող հայերի առօրեայից մինչ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններ» նիւթի շուրջ: