Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով, Հաւաքական Անվտանգութեան մասին պայմանագրի կազմակերպութենէն ներս ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Արայիկ Բադալեանը:
Նստավայրը պիտի ըլլայ Մոսկուա:

Հայ մասնագէտներ վերստին ահազանգ կը հնչեցնեն ահագնացող չափերու հասնող արտագաղթին առնչութեամբ

Լրագրողներու հետ վերջերս կայացած մամլոյ  ասուլիսի մը ընթացքին, ազգագրագէտ Աղասի Թաեւոսեան յայտնած է, որ արտագաղթի գլխաւոր պատճառը բնական արձագանգն է  երկրին մէջ վարուող տնտեսական քաղաքականութեան:

Ժառանգութիւն, ՀՅԴ եւ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնները միացեալ՝  նոյն բովանդակութեամբ նամակներով դիմեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին եւ պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահին՝ ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգով ընտրու-թիւններ կատարելու հարցին վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ հրաւիրելու խնդրանքով:

Նախանցեալ օր ուշ երեկոյեան յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ կապուած որոշ մանրամասնութիւններ ճշդելու եւ պարզաբանումներ կատարելու համար հանդիպում տեղի ունեցաւ Հայաստանի համաձայնական կառավարութեան երեք ուժերու՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ:

«Երկիր» օրաթերթին նպատակը եղած էր ամէն օր լուր հաղորդել Արցախէն, պահել մարտական ոգին: «Շուշին, երբ լուսադէմին ազատագրուեց, «Երկիր»ը միակ թերթն էր, որ առաւօտեան այդ լուրը տարածեց», ըսաւ այդ օրուան խմբագիր Աղուան Վարդանեանը