Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանի եւ ռազմական կցորդ Սամուէլ Ռամազեանի հրաւէրով, այսօր երեկոյեան, Աթէնքի Սպայից ակումբէն ներս տեղի կÿունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու 20-րդ  տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը:


Ազգային բանակի 20-րդ տարեդարձին առիթով 2012 թուականը յայտարարուած է Ազգային Բանակի տարի եւ տարբեր տեսակի միջոցառումներ կ'իրագործուին Հայաստանի զօրամասերուն եւ այլ երկիրներու մէջ ՀՀ դեսպանութիւններուն միջոցաւ:

 

«Բանակը որքան մեծ ու հզօր,
նոյնքան ալ նուրբ եւ զգայուն կառոյց է»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, երէկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ելոյթ ունենալով բանակի 20-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին, անդրադարձաւ բանակի դերին ու նշանակութեան մասին անկողմնակալ ու ճշմարիտ ըմբռնման խնդիրին: Ան կարծիք յայտնեց, որ մինչեւ այսօր այս մասին խօսուեցաւ զգացմունքային բեմի վրայ եւ նկատի չառնուեցաւ, որ բանակը որքան մեծ ու հզօր, նոյնքան ալ նուրբ եւ զգայուն կառոյց է:
Ըստ անոր, կարելի չէ բանակի մասին դատել ներքաղաքական զարգացումներով պայմանաւորուած նեղ շահերու, միջկուսակցական բախումներու եւ վերջապէս տարբեր հանգամանքներու զուգորդման իբրեւ արդիւնք տուեալ պահուն ձեւաւորուած հասարակական տրամադրութիւններուն լոյսին ներքեւ:
Անդրադառնալով զինամթերքի արդիականացման, Սէյրան Օհանեան նշեց, որ խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ զինուորական նշանակութեան որեւէ արտադրանք չէր ստեղծուեր: Նախարարը յայտնեց, որ 1992 թուականէն ի վեր գրեթէ զերոյէն սկսաւ ռազմաարդիւնաբերական համալիրի ստեղծումը:
«Իսկ այսօր մեր նախաձեռնութեամբ կը  նորոգուի զինամթերքի եւ զինուորական գործիքներու ամբողջ տեսականին», ըսաւ Օհանեան:
Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ վերջին 10 տարիներուն հսկայական աշխատանք տարուած է նաեւ միջազգային զինուորական համագործակցութեան ասպարէզին մէջ: