Դիմելով Ճոն Փրեսքոթին‘ «ընդդիմութեան նախաձեռնութեան նկատմամբ կանխաւ դէմ տեսակէտ յայտնելը կը նշանակէ ըլլալ կողմնակալ» կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան


ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ  ԿԸ  ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ 
ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ  ՀԵՐԹԱԿԱՆ  ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ  ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ  ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հաստատեց,
որ յառաջիկային Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութեամբ
կը սպասուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպում:
Ան նշեց, որ այսպիսի համաձայնութիւն կայ:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինէն Յունուար 11ին յայտնեցին, թէ ՀՅԴի շտապ  չէ ձեւաւորած տակաւին եւ շտապի պետ չէ նշանակուած:

1 Յունուարէն սկսեալ Իրլանտա ստանձնեց ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր այս շաբաթ աւելի կանուխ ներկայացուց կազմակերպութեան մէջ Իրլանտայի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:

«Ռեկիոն» հետազօտական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած օնլայն հարցազրոյցի ընթացքին, ատրպէյճանցի լրագրողները ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին առնչուող հարցումներ ուղղեցին: