ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճան հերթական անգամ բողոքի արշաւ սկսած է օտար գործիչի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան դէմ: Այս անգամ պաշտօնական Պաքուի զայրոյթին առիթը դարձած է աւստրալիացի պատգամաւոր, Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանի Հայ-աւստրալիական պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Ուոլթ Սեքորտի այցը:

Աշխատանքային այցելութեամբ Միւնիխ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը,
 անցնող շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցած է ԱՄՆի իր պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընի հետ, Անվտանգութեան հարցերով կայացած 48րդ համաժողովի ծիրէն ներս:

Փետրվար 1-ին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի, «Սասունցի Դաւիթ» պարտէզի սրահին մէջ բացումը տեղի ունեցաւ «Նորաձեւութեան ճանապարհ եւ երկխօսութիւն սահմանների խաչմերուկում» ծրագրի ցուցահանդէսին, որ կը ներառնէ հայ եւ եւրոպացի նկարիչ-մոդելաւորողներու համագործակցութեան արդիւնքով ծնած աշխատանքները:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».-«Հայկական Ժամանակ» թերթի լրագրող, թողարկման պատասխանատու Հայկ Գէորգեանը Փետրուար 3ի առաւօտեան քաղաքացիական հագուստ կրող խումբ մը  անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած ու տարուած է անյայտ ուղղութեամբ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կը ձգտի յաջորդ խորհրդարանին մէջ ունենալ առաւելագոյն թիւով տեղեր, եւ որեւէ քաղաքական ուժ ալ միշտ կը ձգտի ըստ կարելւոյն շատ տեղ ապահովել: