ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Վիւասել» ընկերութիւնը 107 աւագ դպրոցներու տարածքին համացանցային անվճար Wi-Fi կապ պիտի հաստատէ:
Այս մասին Յունուար 18ին տեղեկացուց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան։
«Աշակերտներին համացանցը հասանելի կը լինի ոչ միայն դասարանում, այլեւ ամբողջ դպրոցի տարածքում», ըսաւ Արմէն Աշոտեան:
Նախարարութիւնը կը նախատեսէ 2012ին համացանցին միացած դպրոցներուն թիւը հասցնել 1403ի: