Անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւններու միացեալ համաժողովը, որ նուիրուած էր Ազգային Ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւնները 100% համամասնական դրութեան վրայ կատարելու նպատակով՝ օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը մշակելու քայլին:

Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցաւ Պոլոնիայի հետամուտ խումբին նիստը, որուն մասնակցեցան հոլովոյթին մասնակից 47 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Երեւան, 20 Յունուար, 2012թ.: Հեռուստամարաթոն 2011-ի «Ջուր պարգեւիր, կեանք նուիրիր» կարգախօսի ծիրէն ներս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսաւ Հադրութ քաղաքի խմելու ջուրի ներքին ցանցի կառուցման ծրագիրը:

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.-Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Յունուար 19ին կը հաղորդէ, թէ օտար մասնագէտներ Ստեփանակերտ կը գտնուին՝  մարզելու համար Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած օդակայանի հայ պաշտօնեաները, որոնք պիտի օգտագործեն արդիական շարք մը գործիքներ՝ օդակայանին ապահով գործունէութիւնը ե-րաշխաւորելու համար:

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի աշխատանքային հանդիպումը: