Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Փետրուար 4ին ստորագրեց հրամանագիր, որու համաձայն, որոշ ժամանակի համար կը դադրեցուին ԼՂՀ Գերագոյն Դատարանի դատաւոր Շուրա Օհանեանի լիազօրութիւնները՝ իր դիմումին համաձայն:

Արեւմտահայ վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանին  պոլսահայերը «Սկիւտարի սոխակ» անուանումով կը կոչէին, մինչ դեռ Հայաստանի մէջ դպրոցական ծրագրի հետեւողները, Դուրեանը կը ճանչնան առաւելապէս որպէս «Լճակի» հեղինակ, որը առաջին հայեացքով դիւրին չէ, բայց յետոյ պարտադիր անգիր կը սորվիս:

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ  ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւններ դարձած են:


ԵԽԽՎ ձմեռային նստաշրջանը աւարտեցաւ: Հայաստանեան պատուիրակութեան համար այն յատկանշական էր որովհետեւ այդ ընթացքին Ֆրանսայի Սենատը քննարկեց ցեղասպանութիւններու, որոնց կարգին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:  Բնականաբար, մեր պատուիրակութիւնը այդ ատեանէն ներս եւս  դիմակայեց  թրքական սադրանքներուն, սուտին ու հակադարձութիւններուն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԼՍՈՒՄՆԵՐԸ՝ 15 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբին մէջ երէկ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան, Ժառանգութեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջարկը‘ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու մասին: