ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միջազգային իրաւապաշտպան «Հիւմըն Ռայթզ Ուա»չ (Human Rights Watch) կազմակերպութեան հրապարակած տարեկան զեկուցումին համաձայն, Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ոտնակոխել մարդկային իրաւունքները, իսկ միջազգային գործընկերները իրենց տրուած իրաւունքները չեն օգտագործեր, որպէսզի կացութիւնը բարելաւեն։


Զեկուցումին մէջ կազմակերպութիւնը արձանագրած է, որ 2011ի ընթացքին պաշտօնական Երեւանը անգամ մը եւս էական յառաջընթաց չէ արձանագրած մարտմէկեան տասը սպանութիւնները բացայայտելու գործով, սահմանափակած է հաւաքներու կայացման ազատութիւնը եւ անհրաժեշտ քայլերու չէ դիմած՝ բանակին ու բանտերուն մէջ արձանագրուած  մահուան պարագաներուն ծալքերը բացայայտելու համար:
«2008ի մարտեան ողբերգական իրադարձութիւններէն աւելի քան երեք տարի ետք տակաւին որեւէ բովանդակալից հաշուետուութիւն չէ ներկայացուած՝ իրաւապահներուն կողմէ ուժի անհամաչափ գործադրման վերաբերեալ», կը նշէ զեկուցումը՝ ընդգծելով, թէ Երեւանի քաղաքապետարանը 2011 Ապրիլին թէեւ արտօնեց ընդդիմութեան բողոքի ցոյցի կայացումը Ազատութեան հրապարակին վրայ, այդուամենայնիւ, ընդդիմութեան գործիչներ կը յայտարարեն, որ իշխանութիւնները  խոչընդոտած են այլ քաղաքներէ  ցուցարարներուն փոխադրութիւնը եւ մասնակցութիւնը մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուող զան գուածային շարժումներուն:
Զեկուցումը կը փաստէ, որ Հայաստանի մէջ կը շարունակեն լուրջ հարց ըլլալ ոստիկանութեան ու բանակին մէջ ի գործ դրուող անմարդկային եւ դաժան վերաբերումները, որոնց մասին կը տեղեկացնեն տեղական ու միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները:
«Օգոստոսին ոստիկանութիւնը ծեծի ենթարկեց եւ ձերբակալեց Հայ Ազգային Կոնգրեսի քանի մը անդամ, եօթին մեղադրանք յառաջադրուեցաւ խուլիկանութեան ու իշխանութեան ներկայացուցիչին նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու համար: Ու թէեւ բժիշկները անոնց մօտ վնասուածքներ յայտնաբերած էին, այդուամենայնիւ, որեւէ քննութիւն  չիրականացուեցաւ ոստիկանութեան գործողութիւններուն շուրջ», կ՛արձանագրէ կազմակերպութիւնը եւ կ՛աւելցնէ, որ բռնութիւններէն ու կտտանքներէն բացի՝ Հայաստանի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտը կը հարուածեն նաեւ չպատճառաբանուած մահուան դէպքերը ազատազրկման վայրերուն եւ բանակին մէջ:
Մամլոյ ազատութեան   նուիրուած բաժինով՝ կազմակերպութիւնը կը փաստէ, որ իշխանութիւնները ապաքրէականացուցած են վիրաւորանքի ու զրպարտութեան համար նախատեսուած յօդուածները, սակայն փոխարէնը՝ դատարանները սկսած են սահմանել մեծ տուգանքներ ու ոչ համաչափ փոխհատուցումներ, որոնք «որոշ դէպքերու սպառնալիք դարձած են թերթերու գոյութեան»։
Զեկուցումի աւարտին «Հըումըն ռայթզ ուոչ»ը կ՛ընդգծէ, որ 2011ին Հայաստանի միջազգային գործընկերներէն քանի մը հոգին սահմանափակած են իշխանութիւններու հասցէին իրենց քննադատութիւնը:
«2011 Հոկտեմբերին Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը բանաձեւ ընդունեց Հայաստանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման վերաբերեալ՝ արձանագրելով, որ 1 Մարտ 2008ի էջը վերջապէս կարելի է փակուած համարել», կը յիշեցնէ կազմակերպութիւնը եւ անտեղի ու ոչ իրաւացի կը նկատէ Հայաստանի կառավարութեան տրուած այդ վստահութիւնը: