ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԴԺԳՈՀԵՑԱՒ
Պրիւքսէլի մէջ երէկ սկսաւ «Արեւելեան գործընկերութեան» խորհրդարանական վեհաժողովի` Եւրանեսթի յանձնաժողովներու աշխատանքը: Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վա-հան Յովհաննիսեանը, որ կը ղեկավարէ Եւրանեսթի մէջ մեր պատուիրակութեան, եւ Վարդան Պոստանճեանը` ԲՀԿ-էն, մասնակցեցան տնտեսական յանձնաժողովի նիստին:
Նիստի ընթացքին լսուած համազեկուցողներու գնահատականներու համաձայն՝ արեւելեան գործընկերներէն Ուքրանիան արդէն կը համապատասխանէ գործընկերութեան տնտեսական պահանջներուն, Հայաստանը, Վրաստանը եւ Մոլտովան կÿընթանան համաչափ, Ատրպէյճանը աւելի յետընթաց դիրքերու մէջ է:
«Ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջութեամբ իրականացնել համաձայնագրերը «Արեւելեան գործընկերութեան» եւ Եւրոմիութեան միջեւ, եթէ գոյութիւն ունին փակ սահմաններ,- այս հարցումը նիստի ընթացքին բարձրացուցին հայ պատուիրակները:
Ի դէպ, այսօրուայ նիստին հայ պատուիրակներու առաջարկով ընդունուած է որոշում՝ յառաջիկային տնտեսական համարկման յանձնաժողովի փոխադրութեան խնդիրներուն անդրադարձող զեկոյց ներկայացուելու մասին: Ասիկա կը դառնայ առիթ՝ անգամ մը եւս քննարկելու փակ ճանապարհներու հարցը: Քննարկման նիւթ կը դառնայ նաեւ Ստեփանակերտի օդակակայանի հարցը: