Տպագրութեան յանձնուած է Վարդան Օսկանեանի յուշագրութեան գիրքը, որ վերնագրուած է «Անկախութեան Ճանապարհով:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները (Իկոր Փոփով՝ Ռուսիա, Ժագ Ֆոր՝ Ֆրանսա եւ Ճէյմզ Ուորլիք՝ Միացեալ Նահանգներ) Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք՝ ամփոփելով իրենց տարածաշրջանային այցելութիւնը, հրապարակած են յայտարարութիւն մը, տեղեկացնելով իրենց այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն մասին:

Հայաստան ու Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը կը խորացնեն համագործակցութիւնը ու կ'ամրապնդեն իրաւապայմանագրային բաժինը։

Հայկական բանակի հետախուզական  բաժանմունքներու տպաւորիչ ցուցադրութիւններ կայացան «Արզնի» օդանաւակայանին մէջ, ի ներկայութիւն Հայաստանի քաղաքական եւ զինուորական բարձրապաշտօն ղեկավարութեան:
Հայկական բանակին ծառայող երիտասարդները, իրենց ցուցադրած մարզական-ռազմական կարողութիւններով՝ հպարտութեան խոր զգացումներ յառաջացուցին ներկաներուն մօտ:

Կառավարութիւնը Ընդունեց ՀՅԴ-ի Առաջարկած Ծրագրին Որոշ Դրոյթները

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը յառաջիկային կը պատրաստուի վերջնական խմբագրել եւ հրապարակել «Մենք ապրելու ենք մեր տանը» արտագաղթի կասեցման ծրագրի ամբողջական բնագիրը: