Բողոքը  կը  շարունակուի

Կենսաթոշակային համակարգի օրակարգով՝ անցնող շաբաթավերջին հրաւիրուած Հայաստանի Ազգային Ժողովի նիստը չիրագործուեցաւ, իշխող համախոհական ուժերու՝ ՀՀԿի եւ ՕԵԿի պոյքոթին հետեւանքով:

EU Observer վերլուծական կեդրոնը հրապարակած է Եւրասիոյ քաղաքականութեամբ եւ տնտեսութեամբ զբաղող ամերիկացի փորձագէտ Ալեքսանդրոս Փեթերսէնի յօդուածը՝ Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներու մասին։

Անակնկալ նուէր մը յանձնեց ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնը Հայաստանի վարչապետին, բողոքի բաժակ մը նուիրելով իրեն՝

Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախկին նախագահ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ Հրայր Կարապետեան նշանակուած է Ս. Փեթերսպուրկի (նախապէս՝ Լենինկրատ) մէջ հիւպատոս:

Կարապետեան իր պաշտօնը կը ստանձնէ Նոյեմբեր 15ին:

ՀՅԴ Երեւանի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուած է Լիլիթ Գալստեան: Նման որոշում կայացուած է անցեալ շաբաթ կայացած ՀՅԴ Երեւանի մարզային 17-րդ ժողովին: