Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10րդ համաժողովի՝ 4 Նոյեմբերի նիստին, համաժողովի պատուիրակներու միաձայն քուէարկութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընտրուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ:

Ան խորհուրդը պիտի գլխաւորէ յառաջիկայ ութ տարիներուն ընթացքին: Խորհուրդի նախագահութիւնը բաղկացած է ութ անդամներէ:

ԵՀԽ նախագահներուն առաքելութիւնն է խրախուսել միջեկեղեցական եւ էքումենիք յարաբերութիւնները, աշխարհի մէջ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը: