Ոստիկան մը դաշունահարուեցաւ

«Երկիր միտիա».- Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բախման ժամանակ ոստիկան մը դաշունահարուեցաւ։ Այս մասին, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, յայտարարեց Երեւանի փոխ ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան։

Ոստիկանները երէկ կէսօրէ ետք փակած էին Ազատութեան հրապարակի հատուած մը, փոխ ոստիկանապետի հաղորդմամբ, ուր կþըլլային վայրի քննութեան աշխատանքներ։

Դէպքի վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածեց նաեւ Ոստիկանութիւնը. «Արդէն քանի օր է` Շանթ Յարութիւնեան բռնութեան կոչեր կը հնչեցնէր Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Ոստիկանութիւնը բազմիցս զգուշացուցած էր դադրեցնել անխոհեմ պահուածքը եւ անօրինական գործողութիւններու մղելու կոչերը:

Այսօր եւս ոստիկանութեան ներկայացուցիչները Շանթ Յարութիւնեանին ու անոր կողմնակիցներուն յորդորեցին զերծ մնալ հակաիրաւական վարքագիծ դրսեւորելէն, սակայն անոնք չեն ենթարկուած ոստիկաններու օրինական պահանջներուն, աւելին՝ ժամը 17.10-ի մօտ, մահակներով ու ձողերով զինուած, դուրս եկան Ազատութեան հրապարակէն՝ յայտարարելով, որ կը փափաքին երթ կատարել:

Ոստիկանութեան ներկայացուցիչները իրենց դարձեալ յորդորեցին չխախտել հասարակական կարգը եւ ազատել Մաշտոցի պողոտայի երթեւեկելի հատուածը, սակայն անոնք գրպաններէն հանեցին քարերով լեցուած ինքնաշէն պայթուցիկներ եւ գետնին հարուածելով՝ սկսան պայթեցնել:

Ոստիկանական վերակարգերը յաջողեցան կարգի հրաւիրել օրինազանցները եւ ազատել պողոտան:

Երկու տասնեակէ աւելի օրինազանց բերման ենթարկուած են ոստիկանութեան բաժին:

Կան տուժած ոստիկաններ» կ'եզրափակէ յայտարարութիւնը: