Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ  Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորի այցելութիւնը։

Սուրիահայութեան օգտակար հանդիսանալու ջանքերը կը շարունակուին սփիւռքի հայկական գաղութներուն մէջ (լուսանկարին մէջ աշակերտական նախաձեռնութեան մը առիթով), մինչ Հայաստանի մէջ վերսկսած է որոշ ժամանակէ ի վեր կանգ առած սուրիահայերու հոսքը:

Երէկ տեղի ունեցաւ «Հրաչ Մուրադեան-արդարութեան պահանջ» հասարակական շարժումին եւ ՀՅԴ անդամներու բողոքի երթ‘ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով: Երթին մասնակիցները

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային երկօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Պրիւսէլ, մասնակցելու համար Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) վեհաժողովին։ Այս ծիրէն ներս նախատեսուած է պայմանագրի մը ստորագրումը՝ Հայաստանի

Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ծիրէն ներս, անցնող շաբաթավերջին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ՝  կազմակերպուեցաւ այցելութիւն մեծ հայորդիի  շիրիմին, որ կը գտնուի Լոռիի մարզի իր հայրենի գեղատեսիլ Այգեհատ գիւղին մէջ: