Կառավարութիւնը Ընդունեց ՀՅԴ-ի Առաջարկած Ծրագրին Որոշ Դրոյթները

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը յառաջիկային կը պատրաստուի վերջնական խմբագրել եւ հրապարակել «Մենք ապրելու ենք մեր տանը» արտագաղթի կասեցման ծրագրի ամբողջական բնագիրը:

Մանաւանդ, որ Հայաստանի կառավարութիւնն ընդունեց կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան մշակած ծրագրին քանի մը դրոյթները եւ զանոնց ներառեց օրէնսդրական տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ: «Ի հարկէ, գաղափարը կառավարութեան կողմից ընդունելի է, սակայն կատարման տեսանկիւնից դեռ եւս թերութիւններ կան: Մենք մտադիր ենք ծրագիրը վերջնական տարբերակով հրապարակել եւ անդրադառնալ այդ թերութիւններին՝ առաջարկելով կառավարութեանն ապահովել ծրագրի առաւել խորքային եւ ամբողջական իրականացումը»,- ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ նշած է ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:

ՀՅԴ պատգամաւորը ընդգծած է, որ ծրագիրով իրենց կողմէ առաջարկուող կարեւոր դրութներէն մէկը հանրային ծառայութեան վարձատրութեան միասնական համակարգ ներդնելու մասին էր, որուն վերաբերեալ կառավարութիւնը արդէն օրէնըսդրական նախագիծ ներկայացուցած է Ազգային ժողովի քննարկման: «Սակայն այստեղ երկու խնդիր կայ, որ մեր առաջարկն ընդունելու տեսակէտից մենք ոչ լիարժէք ենք համարում: Մասնաւորապէս հանրային ծառայութիւն հասկացութեան ճշգրիտ սահմանումը, մեր կարծիքով, պէտք է երեք մակարդակի լինի: Դրա մէջ պէտք է մտնեն ոչ միայն պետական եւ համայնքային ծառայութիւնները, այլ նաեւ բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք պետական մարմիններ չեն, սակայն իրականացնում են պետականին բնորոշ գործառոյթներ»,- շեշտած է Մինասեան՝ աւելցնելով, որ խօսքը համայնքային ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու եւ Կեդրոնական դրամատան մասին է:

Ան նշած է նաեւ, որ աշխատավարձերու միասնական համակարգի մէջ պէտք է ներգրաւուին նաեւ այն կազմակերպութիւնները, որոնք օժտուած չեն պետական մարմիններու գործառոյթներով, նման գործառոյթներ չեն իրականացներ, սակայն հանրութեան նկատմամբ ազդեցութեան որոշակի գօտիներ կը հանդիսանան: «Այս դէպքում խօսքը կրթութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի եւ լրատուական ոլորտի մասին է, որոնց աշխատավարձերը նոյնպէս պէտք է կարգաւորուեն միասնական հայեցակարգով»,- ըսած է Մինասեան:

Միւս կարեւոր հարցը նուազագոյն աշխատավարձի քաղաքականութիւնն է, որուն պարագային նոյնպէս կառավարութիւնը լիարժէք չէ ընդունած ՀՅԴ-ի առաջարկը: Առաջարկին համաձայն‘ նուազագոյն աշխատավարձի քաղաքականութիւնը պէտք է կենսապահովման նուազագոյն պիւտճէէն ցած չըլլայ, ինչ որ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան մէջ չէ ընդգրկուած:

Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով երկրորդ ընթերցմամբ ընդունուած է գիւղատնտեսական հողերու վրայ արդիւնաբերական նշանակութեան ձեռնարկութիւններու կառուցման պարագային այդ հողատարածքներու կադաստրային արժէքները յաւելեալ վճարելու պարտաւորութիւնը հանելու մօտեցումը, որ նոյնպէս ՀՅԴ-ի կողմէ մշակուած ծրագրի կարեւորագոյն դրոյթներէն մէկն է:

Միւս կարեւոր առանձնայատկութիւնը կրթութեան ոլորտին մէջ է, ուր կ'առաջարկուի դասակարգել կրթական հաստատութիւնները: «Հարկաւոր է ռեյտինգաւորել բուհերը, թէ դրանք իրենց մասնագիտական ուսուցմանը համապատասխան որքան աշխատատեղերով են ապահովել իրենց շրջանաւարտներին, որին համապատասխան էլ պետպիւտճէից կը լինեն յատկացումներ»,- նշած է Մինասեան:

Ծրագիրով եւս մէկ կարեւոր առաջարկ կը ներկայացուի, որ կը վերաբերի զինծառայութենէն զօրացրուած անձերուն աշխատանքով ապահովելու խնդրին: ՀՅԴ պատգամաւորը տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը այս գաղափարը եւս ընդունած է: «Կառավարութիւնը պարտաւոր է իր վրայ վերցնել այս պարտականութիւնը եւ զօրացրուած երիտասարդներին ապահովել երկարատեւ աշխատանքով կամ նրանց համար փոքր պիզնես մտնելու հնարաւորութիւն ստեղծել՝ համապատասխան վարկային քաղաքականութեան միջոցով»,- շեշտած է Մինասեան:

Անոր հաւաստմամբ՝ նոյնպէս կան քանի մը առաջարկներ, որ կառավարութիւնը իր ծրագիրներով կը փորձէ իրականացնել, սակայն քանի որ անոնք համակարգային չեն, արդիւնաւէտութիւնը այնքան ալ բարձր չէ: «Դրա համար մենք մտադիր ենք ծրագիրն ամբողջացնել եւ հրապարակելուց յետոյ պահանջել, որպէսզի ծրագիրն ամբողջութեամբ իրականացուի, ինչի շնորհիւ հնարաւոր լինի նուազեցնել արտագաղթի չափերը»,- ընդգծած է ան:

Ծրագիրը արդէն անցած է հանրային քննարկումներու փուլ, ներկայացուած է հեռուստատեսութեամբ եւ մամուլով: