«Հ.Յ.Դ. անդամ էր, բայց համահայկական ընդգրկումով»

Հոկտեմբեր 25ին Հայաստանի ազգային արխիւի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս՝ նուիրուած Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին: Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն եւ ազգային նշանաւոր գործիչներէն մէկուն նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը արխիւային նիւթերու

Երէկուընէ Տաւուշի մարզի Վազաշէն-Պառաւաքար հատուածը մօտ 18 քմ. երկարութեամբ փակ է: Այստեղ հսկողութիւն կÿիրականացնեն ռազմական ոստիկանութեան աշխատակիցները:

Հոկտեմբեր 23-24ին, Սթրազպուրկի մէջ գումարուած Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, եւրոպատգամաւորները նախնական քուէարկութեամբ հաստատած են Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ մինչ այսօր արձանագրուած յառաջխաղացքն ու անյաջողութիւնները ներկայացնող զեկոյցին փոփոխութիւնները:

Օր մը առաջ Հայաստանի Ազգային Ակադեմիոյ մէջ կայացած Սիմոն Զաւարեանի մասին խորհրդաժողովին, հանդէս եկան Հայկազուն Ալվրցեան եւ Գէորգ Խուտինեան, իրենց խօսքերով նկարագրելով Սիմոն Զաւարեանի կերպարը։

Հոկտեմբեր 23ի առաւօտեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամ, «Դաշնակցութեան խիղճն ու սիրտը» նկատուող Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100րդ տարելիցին նուիրուած գիտական նստաշրջանը: