ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները (Իկոր Փոփով՝ Ռուսիա, Ժագ Ֆոր՝ Ֆրանսա եւ Ճէյմզ Ուորլիք՝ Միացեալ Նահանգներ) Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք՝ ամփոփելով իրենց տարածաշրջանային այցելութիւնը, հրապարակած են յայտարարութիւն մը, տեղեկացնելով իրենց այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն մասին:
Համանախագահները նշած են, որ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր:
«Նախագահները վերահաստատեցին 2013 թուականի Նոյեմբերին հանդիպելու իրենց մտադրութիւնը՝ կարգաւորման գործին առնչութեամբ իրենց դիրքորոշումները յստակացնելու եւ յառաջանալու ուղին քննարկելու համար: Համանախագահները կը շարունակեն աշխատանքները՝ յառաջիկայ գագաթաժողովը կազմակերպելու ուղղութեամբ: Համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն գտնուած վայրերուն, ինչպէս նաեւ իրենց հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ զուսպ ըլլալու: Ռազմական գործողութիւնները, մասնաւորապէս այս պահուս, կրնան դիտարկուիլ միայն որպէս խաղաղ գործընթացը խափանելու փորձ», հաստատուած է յայտարարութեան մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի հասարակութեան հետ կապերու գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է. «Համանախագահների յայտարարութիւնները, որոնք ուղղուած են բոլոր կողմերին, խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու խնդիրը, գնահատում եմ դրական: Նոյնիսկ անուղղակի ձեւով ընդգծելով Արցախեան կողմի դերակատարութիւնը, նշանակում է, որ Արցախը եւս բանակցային գործընթացի կողմ է, չնայած, Արցախի մասնակցութիւնը դէ իւրէ վերականգնուած չէ»։