Երկրի մը տնտեսութեան համար չափազանց կարեւոր են ազատ փոխադրութիւններու հնարաւորութիւնները, ըլլան անոնք օդային թէ ցամաքային ճանապարհներու միջոցաւ:

Ամերիկեան «ՄըքՔինզի էնտ Գամփընի» խորհրդատու ընկերութեան եռամսեայ ուսումնասիրութեան աւարտին՝ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է անմիջապէս ընդունիլ «բաց երկինք»ի քաղաքականութիւնը: Հայաստանեան քաղաքացիական օդուժի ամբողջ բնագաւառը այսուհետեւ բաց պիտի ըլլայ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող օդային բոլոր ընկերութիւններուն, առանց որեւէ խտրականութեան: 

Ըստ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի խօսքերուն՝ այդ ազատականացումը «պիտի ստեղծէ նոր աշխատատեղեր, եւ ուղեւորափոխադրումները պիտի դարձնէ յարմարաւէտ եւ գիները պիտի նուազին»:

Կառավարութիւնը միաժամանակ կը զգուշացնէ, որ ակնկալուող դրական արդիւնքները տեսանելի պիտի ըլլան հազիւ մէկ-երկու տարիէն: Ըստ Տնտեսութեան նախարար Վահրամ Աւանէսեանի՝ գիները միջին հաշուով պիտի նուազին 10% տոկոսով, նոյն պահուն փոխադրումներու քանակութիւնը պիտի աւելնայ 20-25 տոկոսով: