Երեւան-Եղվարդ ճանապարհին տեղի ունեցած վթարի հետեւանքով կալանաւորուած եւ «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» տեղափոխուած յայտնի դերասան Վարդան Պետրոսեանին Նոյեմբեր 18-ին տեղափոխեցին «Քանկոր» սրտանոթային բժշկութեան կեդրոն:

19 Յուլիս 2012-Էն 30 Սեպտեմբեր 2013

Ա.- Կազմութիւն

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ)՝ կազմուած ինը անդամներէ, բաղկացած Սուրիոյ հայ համայնքապետներէ (Հալէպ եւ Դամասկոս), ազգային կուսակցութիւններու (ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ) եւ բարեսիրական միութիւններու (ՀԲԸՄ եւ ՍՕԽ) ներկայացուցիչներէն, յառաջացաւ 19 Յուլիս 2012-ին։

Այսօր նախատեսուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սար- գըսեանի եւ   Ատրպէյճանի  նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը հաղորդեն թէ Վիեննա կը գտնուի ՀՀ նախագահը: Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշերի հետ:

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հրաւէրին ընդառաջելով՝ այսօր Աթէնք կը ժամանէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գըլխաւորած պատուիրակութիւնը, երկու օրուայ պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելով:

Ստեփանակերտի օդանաւակայանի շահագործման կարեւոր հարցին վերաբերող նիւթը քննարկուած է Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, ՀՀ վարչապետին ուղղուած հարցումէ մը ետք, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանի կողմէ: