Հայաստան ու Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը կը խորացնեն համագործակցութիւնը ու կ'ամրապնդեն իրաւապայմանագրային բաժինը։

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Վիկտոր Խրիստենկոն Երեւանի մէջ ստորագրեցին համագործակցութեան ամրապնդման յուշագիր։ «Փաստաթղթի ստորագրմամբ մենք կþիրականացնենք մեր չորս երկիրերու նախագահներու որոշումները։ Յուշագրի գաղափարը շատ պարզ է՝ Մաքսային միութեան, միասնական տնտեսական տարածքին վերաբերող այն մտադրութիւնները, որոնց առնչութեամբ յայտարարութիւն ըրած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ որը պաշտպանած են Մաքսային միութեան բոլոր երկիրներու նախագահները» ըսած է Խրիստենկոն։ Յուշագիրը կ'ապահովէ Հայաստանի բոլոր կառոյցներու միացումը Մաքսային Միութեան մարմիններուն: