Հոկտեմբեր 1-ին ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 6-ամեայ գործունէութեան նուիրուած միջոցառման:

Եւրոպական Միութեան կեդրոնատեղիէն ներս, Հոկտեմբեր 2ին, ՀՀ առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը իր հաւատարմագրերը յանձնեց Եվւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմպային:

Մէկ տարուայ գերութենէ, ապա երրորդ երկիր մը յանձնուելէ ետք՝ հայրենիք վերադարձաւ ռազմագերի, զինուած ուժերու շարքային Յակոբ Ինջուղուլեանը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿի Գլխաւոր համաժողովի 69րդ նստաշրջանին նախագահ Սերժ Սար-գըսեանի ելոյթը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան գնահատած է իբրեւ նախագահի «ամենայաջողուած ելոյթը՝ դիպուկ եւ ճիշտ շեշտադրումներով»:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները հրապարակած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմզ Ուորլիք (ԱՄՆ) եւ Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա), Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ քննարկած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպման նախապատրաստութիւնները: