Եւրոպական Միութեան կեդրոնատեղիէն ներս, Հոկտեմբեր 2ին, ՀՀ առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը իր հաւատարմագրերը յանձնեց Եվւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմպային:
Հաւատարմագրերու յանձնման արարողութեան յաջորդեց դես- պան Մարգարեանի եւ Հերման Վան Ռոմպայի միջեւ կայացած առանձնազրոյցը, որու ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն, երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու:
Շնորհաւորելով ՀՀ դեսպանը՝ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը յոյս յայտնեց, որ դեսպան Մարգարեանը լաւագոյնս պիտի նպաստէ ՀՀ-ԵՄ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Վան Ռոմպայը, անդրադառնալով Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու անցած ճանապարհին, կարեւորեց համագործակցութեան եւ երկխօսութեան ոգիով անոնց հետագայ զարգացումը:
Դեսպան Մարգարեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ հաւաստիացուց, որ պատրաստակամ է ջանքեր գործադրել Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու շարունակական ամրապնդման ուղղութեամբ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահի խնդրանքով դեսպան Մարգարեանը ներկայացուց ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման վերջին զարգացումները, հայ-թրքական վերջին զարգացումները եւ առկայ իրավիճակը: