Հայաստան կատարած պետական այցելութեան ծիրէն ներս, Յունաստանի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Երեւանի քոնիաքի գործարան:

Անոնք շրջեցան հնացման արտադրամաս, ուր ծանօթացան Արարատ քոնիաքի պատմութեան եւ արտադրական գործընթացին:

Նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս կանգ առաւ «Խաղաղութեան տակառ»ին մօտ, որ հիմնադրուած է 2001 թուականին, ի պատիւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու այցելութեան: Տակառին մէջ կը հնացուի զինադադարի տարին խորհրդանշող 1994 թուականի քոնիաք: Ի դէպ, այն կը կոչուի «Խաղաղութեան տակառ» քանի որ պիտի բացուի այն ժամանակ, երբ կարգաւորուի Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: