Երէկ կէսօրին, ՀՀ նախագահական պալատին մէջ կայացած պաշտօնական արարողութեամբ, իր աւարտին հասաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան:
Նախորդ գիշեր՝ ի պատիւ Գարոլոս Փափուլիասի, տեղի ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի տուած պետական ընթրիքը:
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ արարողակարգին համաձայն, երկու երկիրներու նախագահները հանդէս եկան փոխադարձ բաժակաճառերով, անդրադառնալով հայ-յունական դարաւոր բարեկամութեան ու երկու բարեկամ ժողովուրդներու պատմական առընչութիւններուն, նշելով նաեւ միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ բարձր մակարդակն ու անոնց զարգացման հեռանկարները:
Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս երէկ նաեւ աշխատանքային ճաշ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ: Հայաստանի վարչապետը եւ Յունաստանի նախագահը բարձր գնահատեցին երկու բարեկամ երկիրներու բազմադարեան պատմամշակութային կապերը եւ կարեւոր նկատեցին տարբեր մարզերու մէջ հայ-յունական արդիւնաւէտ համագործակցութեան ամրապնդումն ու հետագայ զարգացումը: Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի կառավարութիւնները պէտք է շարունակեն ջանքեր գործադրել՝ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի աշխուժացնելու, առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները աւելցնելու եւ միացեալ տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու համար:
Նախապէս, Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած է հայ-յունական գործարար համաժողովը, շուրջ 15 յոյն եւ յունահայ գործարարներու մասնակցութեամբ, ուր ներկայ եղան երկու նախագահները եւ հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով:
Յունահայկական Առեւտրական Պալատի կողմէ ղրկուած հաղորդագրութեան համաձայն, տեղի ունեցած է համաձայնագրի ստորագրում գիւղատնտեսական բնագաւառի զարգացման առընչութեամբ: Յունահայկական Առեւտրական Պալատի կողմէ համաձայնագիրը ստորագրած է փոխ նախագահ Սարգիս Տակազեան եւ Հայաստանի Armenian Development Agency հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Ռոպերթ Յարութիւնեան:
Գործարարներու համաժողովին խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աքիս Երոնտոփուլոս, Enterprise Greece ընկերութեան նախագահ Արիս Սիկրոս, ինչպէս եւ Հայաստանի գործարարներու միութեան կողմէ Արսէն Ղազարեան:
Յունաստանի Առեւտրատնտեսական պալատի գործունէութեան նպատակն է օգնել ու ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, նոյն պահուն աջակից դառնալով յոյն գործարարական շրջանակներուն, որոնք կÿուզեն աշխատանք ծաւալել արագ կշռոյթով աճող Հայաստանի շուկայէն ներս: