ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անիի եկեղեցիներու պատմութիւնը կը խեղաթիւրուի, յուշարձանները կը քանդուին եւ կը կերպարանափոխուին: Այս կապակցութեամբ ահազանգը կու գայ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսէն, Ռուսաստանի հայերու միութենէն ու «Հայ Ասպետ» կրթադաստիարակչական բարեգործական հիմնադրամէն,

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Հոկտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ ու հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ղեկավար կազմի խումբ մը անդամներու հետ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ:

«Բացառւում է մաքսակէտ ունենալ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ», յայտարարած է Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան Արցախի համալսարանին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, ուսանող երիտասարդներուն հետ:

Հոկտեմբեր 5-ին Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի եւ Ֆրանսայի Բուրգ Լէ Վալանս քաղաքներու միջեւ ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր։

Երէկ Երկուշաբթի 6 Հոկտեմբերին, Երեւան այցելեց Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան: Ան ընդունուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ: