Մէկ տարուայ գերութենէ, ապա երրորդ երկիր մը յանձնուելէ ետք՝ հայրենիք վերադարձաւ ռազմագերի, զինուած ուժերու շարքային Յակոբ Ինջուղուլեանը:
«Մոսկուա-Երեւան» թռիչքով երէկ գիշեր Երեւան ժամանեց Ինջուղուլեանը, ուր դիմաւորուեցաւ իր հարազատներու եւ համագիւղացիներու կողմէ:
«Երկիրն այսօր» իրեն հարցուցած է թէ ինչպէ՞ս էր ատրպէյճանական կողմի վերաբերմունքը իրեն: Ան խնդրած է չպատասխանել այս հարցումին ներկայ պահուն. «Դժուար է եղել ինձ համար, բայց ժամանակի ընթացքին կարողացայ մնալ գերութեան մէջ» ըսած է ան, աւելցնելով թէ ծեծի, ծաղրանքի ու սպառնալիքներու ենթարկուած է:
Ատրպէյճանի մէջ Ինջուղուլեան պահուած էր հինգ յարկանի ռազմաշէնքի մը մէջ, ուր իրեն յայտնած էին թէ կը պահուին այլ հայ գերիներ եւս, որոնց մասին սակայն ան որեւէ մանրամասնութեան շուրջ տեղեակ չէր:
2013ի Օգոստոսին, ատրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած Յակոբը Միջազգային Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ՝ հեռացաւ Ատրպէյճանէն եւ տեղափոխուեցաւ երրորդ երկիր: Շաբաթներ առաջ լուր տարածուեցաւ թէ Յակոբ եւրոպական երկրի մը յատուկ ճամբարին մէջ կը գտնուի:
Յակոբի եղբայրը լրատուամիջոցներուն խօսելով ըսած է. «Երրորդ երկիր տեղափոխուելու հարցը Յակոբի ցանկութիւնը չի եղել: Նա կամ պէտք է տեղափոխուէր, կամ էլ ողջ չի մնար»: