Հոկտեմբեր 1-ին ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 6-ամեայ գործունէութեան նուիրուած միջոցառման:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղեկցութեամբ ան շրջայց կատարեց նախարարութեան գրա-սենեակները, ծանօթացաւ աշխատակազմի ստորաբաժանումներու աշխատանքային պայմաններուն, զրուցեց աշխատակիցներուն հետ:
Ողջունելով ՀՀ վարչապետին, Սփիւռքէն ժամանած բազմաթիւ հայրենակիցներուն, Հայաստանի կրթական, գիտական, մշակութային, հասարակական, քաղաքական կառոյցներու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց նախարարութեան 6-ամեայ գործունէութեան ձեռքբերումները: Ան առանձնացուց յատկապէս «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, «Արի տուն», «Մեր մեծերը» ծրագրերը, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, «Համայնքային օրեր Հայաստանում», տարածաշրջանային եւ այլ ծրագրեր: Կարեւոր նկատեց անցած 6 տարիներու ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մի քանի տասնեակ համաժողովները, որոնք կը նպաստեն ազգային ներուժի համախմբման:
Անդրադառնալով սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքին՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ Հանրապետութեան նախագահի յանձնարարութեամբ եւ պահանջով անոնց բոլոր խնդիրները կը լուծ- ւին: Գործի կը դրուին բոլոր հնարաւոր միջոցները սուրիահայերու համար Աշտարակ քաղաքի մէջ «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման համար:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 8 քաղծառայողներու երդման արարողութիւնը, անոնց ՀՀ Սահմանադրութեան, ՀՀ ՍՆ կանոնադրութեան գրքոյկներ եւ աշխատանքի վկայականներ յանձնեց ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Յովիկ Աբրահամեան շնորհաւորեց նախարարութեան աշխատակազմին՝ 6-ամեայ արդիւնաւէտ աշխատանքի կապակցութեամբ եւ կարեւոր նկատեց գերատեսչութեան դերը հայապահպանութեան գործին մէջ: Վարչապետը նշեց, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ Սփիւռքի նախարարութեան՝ իւրաքանչիւր ողջամիտ առաջարկութիւն կեանքի կոչելու գործին մէջ: Խօսելով Սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի պահպանման մասին՝ Յովիկ Աբրահամեան ընդգծեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է այդ ուղղութեամբ օժանդակութիւն ցուցաբերել: Գործադիրի ղեկավարը ողջունեց նաեւ Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը՝ ատիկա գնահատելով որպէս հայանպաստ ու ազգանուէր աշխատանք:
Վարչապետը, բարձր գնահատելով Սփիւռքի նախարարութեան անցած տարիներու ընթացքին կատարած աշխատանքները, կարեւոր նկատեց գերատեսչութեան դերը նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Վարչապետը նախարար Հրանուշ Յակոբեանին պարգեւատրեց ՀՀ վարչապետի անուանական ժամացոյցով: