ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿի Գլխաւոր համաժողովի 69րդ նստաշրջանին նախագահ Սերժ Սար-գըսեանի ելոյթը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան գնահատած է իբրեւ նախագահի «ամենայաջողուած ելոյթը՝ դիպուկ եւ ճիշտ շեշտադրումներով»:
Սերժ Սարգսեան, յիշեցնելով, որ Հայաստանի կողմէ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները տարիներ շարունակ դարակներու մէջ կը սպասեն Թուրքիոյ խորհրդարանի վաւերացման՝ խիստ արտայայտութիւններ ունեցած էր Ղարաբաղի հարցը որպէս նախապայման առաջ քաշելու Անգարայի դիրքորոշման վերաբերեալ: Ան մէջբերած էր ժողովրդական խօսքը՝ «գրողի ծոցը վաւերացնէք» եւ յայտարարած, որ «այսօր պաշտօնական Երեւանը լրջօրէն քննարկում է հայ-թուրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանից հետ կանչելու հարցը»:
Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութեան» թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին կարծիք յայտնեց, որ նախագահը վաղուց պէտք էր այդ քայլին դիմէր:
«Ես կարծում եմ, որ նախագահի ամենայաջողուած ելոյթն էր ՄԱԿում՝ շեշտադրումները շատ դիպուկ եւ ճիշդ էին: Հիմնական խնդիրները, որ այսօր իրականում Հայաստանի համար կարեւոր են, այդ հարցերից չխուսափուեց, եւ ամենայն անկեղծութեամբ ներկայացրեց այն բոլոր պրոբլեմները, որ գոյութիւն ունեն երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ հայ-թուրքական յարաբերութիւններ, Ցեղասպանութեան խնդիր եւ Ղարաբաղի կարգաւորում, եւ որ շատ աւելի կարեւոր է, կարծում եմ, որ նաեւ խօսուեց այս արձանագրութիւնների ճակատագրի մասին»:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին քայլերը եւ յայտարարութիւնները «ուղղակի տեղ չի թողնում նորմալ յարաբերութիւններ հաստատել այդ երկրի հետ»:
«Յստակ նշւում է, որ նա չի հրաժարւում իր հիմնական նախապայմանից. այն է՝ յանձնել Արցախը Ադրբեջանին: Դիպուկ է նաեւ այն որոշումը, որ մենք բացարձակապէս էդպէս չպէտք է վարուենք այն ցանկութեամբ, որ անպայման էդ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուեն. թող չվաւերացուեն, եւ պիտի Թուրքիան իմանայ, որ եթէ փակ պահի այդ սահմանները, դրանով Հայաստանին ծնկի չի կարող բերել», յայտնեց Ռուստամեան:
Հարցումին, թէ արդեօք հակասութիւն չկա՞յ Էրտողանին Հայաստան հրաւիրելու եւ ՄԱԿի ամպիոնէն նման շեշտադրումներ հնչեցնելու միջեւ, Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը պատասխանեց. «Չէ, ես կարծում եմ, որ Հայաստանը ցոյց է տալիս, որ ինքը հակուած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու, բայց կարգաւորել առանց նախապայմանների, եւ, ի հարկ է, նաեւ պէտք է նշուի, որ դա մեծագոյն զիջում է, որ Հայաստանը նախապայման չի դնում Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, եւ սա առաւելագոյնն է, ինչ որ Հայաստանից կարելի է ակնկալել»: