Հայաստանի կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը տուած է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան համաձայնագրի նախագիծին: Նախագիծը ներկայացուցած է Ելեւմուտքի փոխ նախարար Սուրէն Կարայեան:

Air Armenia օդանաւային ընկերութիւնը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը տարածած է, ուր կը յայտնէ, թէ սահմանուած կարգով ըստ թռիչքներու ցուցակի կ'իրագործուին ընկերութեան կողմէ յայտարարուած բոլոր թռիչքները: 

Անկախ սիրիական տագնապի ամբողջ տեւողութեան Թուրքիայի որդեգրած դերակատարութիւնից, վերջին շաբաթներին Թուրքիայի պահուածքը Սիրիայի հիւսիսային շրջաններում իրադարձութիւնների, յատկապէս՝ Հայոց ցեղասպանութիւնից վերապրածների կողմից հիմնադրուած Արաբունար (քրտերէն՝ Քոպանի, արաբերէն՝ Այն Արապ) քաղաքի վրայ Իսլամական պետութեան յարձակումներին ի տես, վկայում են այն մասին, որ Թուրքիան յստակ ծրագիր է հետապնդում Իսլամական պետութեան միջոցով գրաւել հիւսիսային Սիրիան:

Այսօր Հոկտեմբերի 9-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գծին վրայ դիտարկում կը կատարէ, ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Կուրոպատկինօ բնակավայրի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ:

Հայաստանի մէջ է Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան խորհրդական, քաղաքական, տնտեսական, մամուլի եւ տեղեկատուութեան բաժնի ղեկավար Դիրկ Լորենցը։