Պաշտօնական այցով Վատիկան այցելած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբերին առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմի պապ Ֆրանսիսքոսի հետ:

Սեպտեմբերի 19ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համահայկական համաժողովը:

ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի մէջ բարեգործական ներդրումներ իրականացնող Լիբանանի ARI (Artsakh Roots Investment) կազմակերպութեան խորհուրդի անդամները եւ խումբ մը հայ գործարարներ, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ միասին, Սեպտեմբեր 14ին այցելած են Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյի համայնքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրէս»ը:

Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները համաձայնած են հանդիպիլ Փարիզի մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Յունաստանի դեսպան Իոաննիս Տաղիսը եւ դեսպանութեան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդապետ Եորղիոս Մաւրոիտիսը: