Սկիւտարաբնակ երիտասարդ մը, որ փոքր տարիքէն իր մօր կողմէ իսլամացուած եւ Էրոլ Ինսանօղլուլարը անունը ստացած էր, այժմ իր փափաքով դիմած է դատարան քրիստոնէութիւնը եւ իր մկրտութեան անունը վերստանալու համար։
Դատը աւարտած եւ երիտասարդը ստացած է իր Մկրտիչ Աւետիս Ինսանեան անունը։
Կեսարիոյ Նախկին հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Հայկազուն Աւագ քհնյ. Կարապետեան, պաշտօն ստանալով Պատրիարքէն, Կեսարիա գացած է, Պոլիս փոխադրելու համար համբաւաւոր Ս. Կարապետի մատուռին մէջ գտնուող հրաշագործ Ս. Կարապետի մասունքը։ Տէր Հայկազուն հայրը, Կեսարիոյ մէջ, տեսակցութիւններ եւ դիմումներ ունենալէ ետք պատկան պաշտօնատարներուն հետ, թանգարանի տնօրէնին, քաղաքապետական երկրաչափին, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեւցոյ փաստաբանին եւ իրազեկ ազգայիններու հետ ինքնաշարժով մեկնած է Ս. Կարապետի բարձունքը։ Զինուորական հրամանատարէն արտօնութիւն առնելէ ետք, պատուիրակութիւնը հասած է Կեսարիոյ Գափուսու կոչուած վայրը, ուր կը գտնուի Ս. Կարապետի եկեղեցին, իսկ հարաւային կողմը՝ Սուրբ գերեզմանի մատուռը։ Սուրբին գերեզմանին տեղը որոշուելով, պատրաստուած է յատակագիծը քաղաքապետական երկրաչափին կողմէ, երկու օրինակով, որպէսզի Անգարա ղրկուի եւ թանգարանի ընդհանուր տնօրէնութենէն պեղումի հրաման առնուի։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին վերակառուցման գործը առաջ կը տարուի կանոնաւոր կերպով, համաձայն յատակագծին։ Պոլսոյ պատրիարքը քանի մը օր առաջ պատրիարքարան հրաւիրած է բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ եւ անոնց մանրամասնութիւններ հաղորդած վերակառուցման աշխատանքներու մասին։ Այս աշխատանքններուն համար ցարդ ծախսուած է 400 հազար թրքական ոսկի։ Ամբողջ շինութիւնը պիտի արժէ մէկ միլիոն թրքական ոսկի։