«Փրաւտա»  թերթին մէջ Հայաստանի թղթակիցը Գ. Առաքելեան կը գրէ. «Ատեն մը Հայաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը եւ Երեւանի «պտղաբանջար»ը գետնախնձոր բերել տուած էին Մոլտաւիայէն, Պաշկիրէն, Տամպովէն, Լիպեցկէն:

Այս գետնախնձորները այնքան ալ հաճելի տեսք չունէին: Բնականաբար քաղաքին բնակիչները չգնեցին բերուած գետնախնձորը: Իսկ գետնախնձորով լեցուն բեռնատար շոգեկառքերը կը շարունակէին գալ, հակառակ անոր որ պահելու համար պահեստներ չկային: Վերջ ի վերջոյ, անփոյթ տնտեսավարները փտեցուցին արժէքաւոր մթերքը, իսկ ետքը տարին ու թափեցին աղբանոց: Ուրիշ անգամ մը «Պտուղբանջարառ»ին հասցէով  ստացուեցաւ 120 վակոն գետնախնձոր: Ճամբան երկար ժամանակ մնալուն պատճառով անոր մէկ մասը փտած էր: Եւ ահա որոշեցին ամբողջ 120 վակոն գետնախնձորը թափել Աւանի ձորը: Չտեսնուած, չլսուած դէպք: Այդ գործով զբաղեցաւ Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն: Մեղաւորները պատժուեցան: «Պտուղբանջարառ»ի ղեկավարութիւնը փոխուեցաւ: «Պտուղբանջարառ»ի նոր տնօրէնը նորէն կնքեց ուրիշ շրջաններէ ութ հազար թոն գետնախնձոր գնելու պայմանագիր մը: Բարեբախտաբար մատակարարները ղրկած էին միայն 5500 թոն: Ասոր աւելի քան 2000 թոնը կարճ ատենէն փճացաւ եւ ան ալ տարին ու թափեցին Աւանի ձորը: Չորս տարուան ընթացքին ընդամէնը փճացած եւ թափուած է մօտաւորապէս 11,000 թոն գետնախնձոր: Այս տարի «Պտուղբանջարառ»ին մէջ աղբանոց թափուած ոչ մէկ կրամ գետնախնձոր չկայ: Արդարեւ, «Պտուղբանջարառ»ին տնօրէնն է Գ. Վարդանեան, որ ամբողջ խնդիրը լուծած է մէկ հարուածով: Բայց ի՞նչպէս: Քանի մը խանութներ այցելեցինք, խօսեցանք գնորդներուն հետ: Բոլորն ալ դժգոհ են, բանջարեղէն, պտուղ քիչ կը ծախուի: Պարզուեցաւ, որ «Պտուղբանջարառ»ի ղեկավարները խանութներուն կը ստիպեն առնել բանջարեղէն եւ պտուղ՝ առանց հաշուի առնելու անոնց որակը, իսկ փճացածը, առաջուան պէս կը թափուի, բայց վնասները որոշած են գանձել… ծախողներէն: