Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային պար-հաւաքոյթը։ Սրահը որ ծայրէ ծայր լեցուած էր երկսեռ անդամներով ու զանազան շրջաններէ եկած ազգայիններով եւ ընկեր-ընկերուհիներով՝ տօնական օրերու առթիւ շքեղօրէն զարդարուած էր Երիտասարդացի անդամներուն կողմէ։ Օրւան նախագահ ընկեր Խաչիկ
Աղապապեան մէկ քանի խօսքով կատարեց հաւաքոյթի բացումը։ Երիտասարդացի նուագախումբին ընկերակցութեամբ սկսան պարերը։ Մինչ խումբի անդամներուն կողմէ խնամքով պատրաստուած աղանդերի պնակներ կը հրամցուէին ներկաներուն, ընկեր նախագահը գործադրութեան դնելով անակնկալներու յայտագիրը՝ բեմ հրաւիրեց բոլորին կողմէ փնտռուած ու սիրուած ընկեր Գրիգոր Դերձակեանը, որ իր սրամիտ ու զուարճալից պատմութիւններով խնդացուց բոլոր ներկաները։ Ապա արտասանելու հրաւիրեց ընկեր Կարպիս Մարկոսեանը՝ որ ապրումով ու յստակ առոգանութեամբ գեղեցիկ արտասանութիւն մը ըրաւ։ Ընկեր Գրիգոր Գզիրեան երգեց՝ իր հետ քաշելով բոլոր ներկաները, որ սկսան բարձրաձայն երգել։ Բոլորն ալ արժանացան բուռն ու խանդավառ ծափերու։ Պարերը վերսկսան, ժամանակ տալու համար հեռաւոր վայրերէ եկած Կաղանդ Պապային որ քիչ մը հանգստանայ։ Խեղճը ուժասպառ ներս մտաւ եւ սկսաւ կարգ մը նուէրներ բաժնել բախտաւորներուն։ Ընկեր Դերձակեան մէջտեղերն է նորէն։ Կը շրջի եւ ներկաներու ականջին բաներ մը կը փսփսայ։ Թուղթի վրայ կը գրէ։ Հարցում-պատասխանի ձեւով խաղ մը կազմակերպած է։ Ի վերջոյ, լաւագոյն պատասխանը տուող ընկ. Վահրամ Դանիէլեան կը ստանայ մրցանակը։ Պարերը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր։ Հուսկ ուրեմն, ուրախ տրամադրութեան մէջ փակուեցաւ հաւաքոյթը եւ բոլոր ներկաները մեկնեցան, շնորհաւորելով վարչութիւնը եւ փափաք յայտնելով որ՝ յաճախ կազմակերպուին նման ձեռնարկներ։