Դեկտեմբերի վերջաւորութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը հաւաքոյթ մը սարքած էր Զաւարեան վարժարանի սրահը։ Հակառակ աննպաստ օդին, ներկաներուն թիւը գոհացուցիչ էր։ Օրուան նախագահ եղբ. Մ. Աջապահեան հաւաքոյթը բանալով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մասին։ Ապա հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Պատրիկ Սարգիսեանը որ զեկուցեց Ֆիքսի պասքէթի

մարզադաշտին, ֆութպոլի, պասքէթի եւ սկաուտական խումբերու եւ յարգանքի երեկոյի մասին։ Աւելցուց թէ՝ 1963ը սկաուտական տարի հռչակուած է եւ թէ՝ յաջորդ Օգոստոսէն Աթէնք պիտի հասնին հայ սկաուտական խումբեր՝ Ֆրանսայէն, Հիւս. Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Պարսկաստանէն ու Լիբանանէն, որոնց համար ընդունելութեան յայտագիր մը կը պատրաստուի Շրջ. վարչութեան կողմէ։ Օր. Պէօրէկճեան արտասանեց Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանին»ը, որմէ վերջ սկսան պարերը, որոնք տեւեցին մինչեւ ուշ ատեն։

- Յաջորդ  երեկոյ, ըստ ստացուած հրաւիրագրի, առաջնորդական փոխանորդ արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեան՝ յանուն սրբազան առաջնորդ հօր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ՝ ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան ներկայ եղան հելլէն սկաուտական կեդրոնին կողմէ սարքուած 1963ի Միջազգային Ճամբարի բացման հաւաքոյթին, ուր ներկայ էր գահանաժառանգ Գոնսթանտինոս իբրեւ առաջին սկաուտ։ Խօսք առին ընդ. սկաուտ խմբապետ պրն. Ալեքսաթոս, որ յայտնեց թէ 50 զանազան երկիրներէ 1963 Օգոստոս 4-11, Յունաստան պիտի հասնին 11 հազար սկաուտներ, որոնք պիտի բանակին Սուլիի ծովափ-անտառը, որ պիտի դառնայ 15 հազարնոց գիւղաքաղաք մը, որու շինութիւնը արդէն իսկ սկսած է։ Ճամբարը պիտի ղեկավարուի 1000 հոգինոց փորձառու սկաուտներու եւ խմբապետներու խումբէ մը։ Բանակավայրը պիտի ունենայ թաղեր՝ հելլէն հին պատմական անձերու անունով։ Պիտի ըլլայ խաղաղասիրութեան համաշխարհային արտայայտութիւն մը։