Հայ տպագրութեան 450-ամեակին առթիւ, հայերէն առաջին տպագիր գիրքը՝ «Պարզատոմար», ցուցադրուած է Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանին մէջ։
«Պարզատոմար»ը տպուած է Վենետիկի մէջ, 1512-ին։ Հրապտարկիչն է Յակոբ Մեղապարտ։ Գրքին 118 էջերէն իւրաքանչիւրը տպուած է երկու անգամ սեւ եւ կարմիր գոյներով։ Շնորհիւ թուղթին լաւ որակին եւ կաշեպաշտ ըլլալուն, գիրքը անվնաս մնացած է մինչեւ հիմա։ 1512-1514-ի շրջանին հայերէնով տպուած են հինգ գիրքեր, կրօնական եւ աշխարհիկ բովանդակութեամբ։ Այս գիրքերէն չորսը կը գտնուին Մեսրոպ Մաշտոցի Մատենադարանին մէջ։ Հայ տպագրութեան 450 ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ կը նախատեսուի գիտական ժողով մը, որուն պիտի մասնակցին Սովիէթ Միութեան ականաւոր հայագէտները։
«Արմենֆիլմ»ի սթիւտոներուն մէջ կը պատ րաստուի երկար մեթրաժ ֆիլմ մը՝ նուիր-ւած երգչուհի Գոհար Գասպարեանին։ Հռչակաւոր երգչուհին առաջին անգամ է, որ ֆիլմի մը պատրաստութեան կը մասնակցի։ Սակայն, Գրիգոր Մելիքաւագեան (բեմադրիչ եւ սենարիոյի հեղինակ) հաւատացած է թէ Գոհար Գասպարեան տաղանդաւոր դերասանուհի մըն է։ Երգչուհին այս ֆիլմին մէջ կþերգէ Սպենդիարեանի «Օրօր»ը «Ավէ Մարիա»ն եւ այլ տասը երգեր։ Գ. Գասպարեան սովիէթ թղթակցի մը յայտնած է, թէ սինեմայի իր մասնակցութիւնը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ իրեն։
Հայաստանի Գիտական Ակադեմիան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի ծննդեան 120-րդ տարեդարձին առթիւ, լոյս ընծայած է ամբողջական երկերուն առաջին հատորը։ Յ. Պարոնեան ծնած, ապրած ու մեռած է Պոլսոյ մէջ։ Ամբողջական երկերը պիտի բաղկանան 10 հատորներէ, որոնց մէջ գրական գործերէ զատ պիտի գտնուին նաեւ գրական քննադատութիւններ եւ նամակներ։ Ակադեմիան նոյնպէս պիտի հրատարակէ Եղիշէ Չարենցի երկերը վեց հատորով։