Հ. Յ. Դ. Երիտ. միութեան Գոքինիոյ խումբերու  կողմէ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Յունուար 1-ին, Զաւարեան վարժարանի սրահին մէջ։ Ներկայ էին՝ շրջանի Թաղականութիւնը, Հ. Կ. Խաչի  վարչութիւնը, շրջաններու երիտասարդ խումբերու անդամները եւ երկսեռ ազգայիններ։ Օրուան նախագահ ընկ. Յարութ Մխիկեան Նոր Տարուան առթիւ ներկաներուն բարեմաղթութիւններ ընելէ ետք, հակիրճ կերպով բացատրեց նպատակը աւանդական այս հաւաքոյթին։ Ապա՝ գործադրութեան դրաւ օրուան կոկիկ յայտագիրը։ Յաջող արտասանութիւններ ըրին՝ ընկ. Արմինէ Պալեան, ընկ. Կարպիս Մարկոսեան, իսկ Զաւարեանի աշակերտներէն փոքրիկներ՝ Բարի Արշակունի: Լեւոն Չերչեան եւ Յարութիւն Մովսէսեան Կաղանդ Պապայի երգախառն արտասանութիւն մը ըրին։ Մթնոլորտը բաւական տաքցած էր, երբ բեմ հրաւիրուեցաւ ընկ. Գրիգոր Գրիգորեան, որ իր սրամիտ կատակախօսութիւններով կուշտ ու կուռ խնդացուց ներկաները։ Վերջապէս բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս ընկ. Դանիէլ Դանիէլեան, որ սրտաբուխ կարգ մը թելադրանքներ ըրաւ երիտասարդութեան։ Յատկապէս թելադրեց՝ հոգիով ու մտքով զարգանալ ու նուիրումով ծառայել ազգապահպանման սուրբ  գործին, ապահովելու համար մեր ազգի գոյատեւումը, Սփիւռքի ցիր ու ցան գաղութներու մէջ։ Հուսկ հասաւ Կաղանդ Պապան, որ ներկաներուն իր մաղթանքները ընելէ ետք, ըսաւ որ, իր այս տարուան բերած նուէրը հաւաքական էր, եւ այդ՝ Գոքինիոյ Հ. Յ. Դ. Պատանեկանի «Աղբիւր Սերոբ» խումբի անդամներուն տքնաջան աշխատանքներու հետեւանքով լոյս ընծայուած «Հայորդիներ» պարբերականի երկրորդ թիւն էր։ Իր քաջալերական խօսքերը ուղղելով այդ բուռ մը պատանիներուն, շնորհաւորեց զիրենք ու ներկաներուն թելադրեց զօրավիգ կանգնիլ անոնց, նկատելով որ իրենց կատարածը իսկապէս գնահատելի գործ մըն է։ Տեղի ունեցաւ նաեւ Ամանորի կարկանդակի բաշխումը, զոր կատարեց Հ. Յ. Դ. Երիտ. միութեան կեդր. վարչութեան գործավար՝ ընկ. Յարութիւն Մեքթուպճեան։