- Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան վարչական խորհուրդի նախագահ տոքթ. Ժոզէ Աղերտօ Տէ Փերտիքաօ եւ նոյն հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն պրն. Ռոպէր Կիւլպէնկեան Պէյրութ այցելած են, ուր դիմաւորուած են լիբանահայոց առաջնորդ Տէր Խորէն
արք. Բարոյեանի եւ գաղութային ներկայացուցիչներուն կողմէ։ «Հայ ժողովուրդին օժանդակելու մեր գործունէութիւնը պիտի շարունակենք։ Կþուզենք օգտակար ըլլալ հայ համայնքին» ըսած է տոքթ. Ժոզէ։
- Դէպի միջին արեւելք իրենց շրջապտոյտի ընթացքին Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախագահ Ժոզէ Փերտիկաօ եւ հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպէր Կիւլպէնկեան, հանդիպեցան նաեւ Աթէնք, անձամբ ստուգելու համար Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կողմէ տրուած գումարներու յանձանձումը։ Յունահայոց ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պրն. Նեսէս Յակոբեանի հետ, պատուիրակութիւնը այցելեց Գոքինիոյ «Զաւարեան» միացեալ վարժարանը եւ Տուրղութիի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանը։ Հիւրերը շրջեցան դասարանները, մանկապարտէզի եւ այլ յարակից բաժանմունքները եւ իրենց հիացումը յայտնեցին որ յունահայ գաղութը յաջողած է տէր դառնալ վարժարանական այսքան փառաւոր ու ներկայանալի շէնքի մը։ Աշակերտները արտասանութիւններ եւ ուղերձներ ըրին ի պատիւ հիւրերուն։ Ապա պատուիրակութիւնը այցելեց Այ Եաննի Գարէա, ուր ընդունուեցան Թագուհիի խնամատարական կազմակերպութեան տիկիններու, ազգերու գաղթականական բաժանմունքի Աթէնքի գրասենեակի տնօրէն պրն. Պրունսի եւ խնամատարական նախարարութեան տնօրէն պրն. Վինիոսի կողմէ։ Հիւրերը տեսակցութիւններ ունեցան տեղւոյն վրայ հաւաքուած գաղթականներուն հետ։ Իրենց կþընկերանար Գարակէօզեան հաստատութեան ժրաջան տնօրէնուհի տիկին Ազատ Ճէջճիզեան, որ յունահայութեան շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, յունահայ գաղութին եղած թանկագին օժանդակութեանց համար։