Արտասովոր շուքով եւ խանդավառութեամբ տօնուեցաւ Յունաստանի անկախութեան 142-րդ տարեդարձը։

Թրքական «Թասվիր» թերթը կը գրէ, թէ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Անի Կասեր, որ հիւրաբար Պոլիս կը գտնուի նուագահանդէսներ տալու համար, ծեծ կերած է Պոլսոյ «Ենի Սապահ» թերթի տէր Սաֆա Գըլըճօղլուէն, որ կը փնտռուի ոստիկանութեան կողմէ:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի տեղեկատու սպասարկութեան համաձայն, վարչապետ Խրուշչեւ ազդարարած է խորհրդային բոլոր ժողովուրդներուն, թէ հարկ է սխալ չմեկնաբանել «ապաստալինականութիւնը»:

 Փարիզի մէջ ներկայիս, Ֆրանսուազ Հարտիէնետք ամէնէն աւելի կը խօսուի երիտասարդ աստղի մը մասին, որ արագ քայլերով կը յառաջանայ գագաթնակէտը տանող ճամբէն:

Մոսկուայէն արժանթինեան թերթի մը ղրկուած թղթակցութեան մը մէջ, որ կը կրէ «Կարմիր դրախտին գաղտնիքները» խորագիրը, թղթակիցը կը նկարագրէ խորհրդային քաղաքացիներու կեանքի պայմանները եւ օրուան ապրուստը ճարելու անոնց հնարամտութիւնները: