(Շար.)
Բազմահազար հաւատացեալներ Պէյրութի բոլոր շրջաններէն այցելեցին Ս. Նշան մայր եկեղեցին, չորս օրուայ ընթացքին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանելու համար Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:
Յուզումով ժողովուրդը խոնարհեցաւ դագաղին առջեւ եւ համբուրեց Վեհափառի սուրբ աջը: Դագաղին շուրջ հսկեցին Կիլիկեան միաբանութեան անդամները: Ցաւակցական այցելութիւններ տուին Լիբանանի քաղաքական ղեկավար դէմքեր գըլխաւորութեամբ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիէր Ճէմայէլի: Երուսաղէմի պատրիարք ամենապատիւ Տ. Եղիշէ արք. Տէրտէրեան տեղեկացուցած էր թէ անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ յուղարկաւորութեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի, Յունաստանի, Սուրիոյ, Քամըշլըի, Կիպրոսի, Թեհրանի եւ Իրան-Հնդկաստանի առաջնորդները: Օծման արարողութեան նախագահեցին Երուսաղէմի պատրիարքը եւ Լիբանանի առաջնորդը: Եկեղեցական արարողութիւնը սկսաւ առտուան ժամը 8:30-ին: Յունահայոց առաջնորդ գերշ. Սահակ եպս. Այվազեան, եպիսկոպոսական հանդերձանքով եւ թափօրով մուտք գործեց եկեղեցիի ձախակողմեան դռնէն եւ սկսաւ ս. պատարագը, Եկմալեան քառաձայն երգեցողութեամբ: Ժամը 8:45-ին եկեղեցի մուտք գործեցին Կիլիկիոյ թեմերու առաջնորդները եւ միաբան հայրերը: Բոլոր հոգեւորականները յարգանքով խոնարհեցան Վեհափառի անշունչ մարմնին առջեւ: Դամբանական խօսքերը ուղղեցին Ամեն. Տ. Եղիշէ արք. Տէրտէրեան եւ Տ. Խորէն սրբազանը: Յուղարկաւորութեան հսկայ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Տորա, ուրկէ անդին ինքնաշարժներով տեղի ունեցաւ փոխադրութիւնը դէպի Անթիլիաս: Աթէնքի, Գոքինիոյ, Տուրղութիի եւ Սելանիկի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա. շնորհազարդ կաթողիկոսի վախճանման առիթով հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ, յարանուանութեանց պետերու, կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեան: