Արուեստական միջավայրերու մէջ բոյսերու մշակման սարք խորագրին տակ Ռ. Յակոբեան յօդուած մը հրատարակած է խորհրդային ամսագրի մը մէջ։
Վերջերս արուսետական միջավայրերու մէջ բոյսեր աճեցնելու եղանակը սկսած է տարածուիլ եւ գրաւել երկրագործական մասնագէտներու ուշադրութիւնը։ Այս նոր ձեւով բոյսերը այլեւս չեն մշակուիր բնական հողի, այլ արուեստականօրէն պատրաստուած միջավարերու մէջ, որոնք քիմիական տեսակէտով չէզոք են, ինչպէս խճաքարերը, գետաքարերը, աւազը եւ այլ նիւթեր, որոնց կը խառնուին բոյսերու սնունդին անհրաժեշտ նիւթերը։ Ռ. Յակոբեանի օգտագործած եղանակին շնորհիւ, ջերմանոցներու մէջ մէկ քառակուսի մեթրի վրայ ստացուած է 90 քիլօ լոլիկ եւ վաթսուն քիլօ վարունգ, իսկ բացօթեայ մշակութային պարագային, մէկ հեկտարէն ստացուած են աւելի քան երկու հարիւր թոն գետնախնձոր, վեց թոն եգիպտացորեն եւ ինը թոն բրինձ։ Իբրեւ հետեւանք օգտագործուած նոր եղանակին, բոյսերու աճման շրջանը կրճատուած է 33 օրով, աշխատանքները նուազած են, իսկ բերքին քանակութիւնը աճած է։ Այսպէս, ջերմանոցի հողին պատրաստութիւնը գոմաղբին փոխադրութիւնը, պարարտանիւթերու տարածումը, ջրելը, գործողութիւններ են, որոնք կþանհետանան նոր եղանակի օգտագործման շնորհիւ։ Թէեւ նոր ձեւով մշակման ելեկտրական հոսանքի ծախքերը համեմատաբար աւելի մեծ են, բայց ընդհանուր առմամբ անոնք աւելի քիչ են՝ քան սովորական ջերմանոցներու մէջ կատարուող ծախքերը։ Ռ. Յակոբեանի եղանակը լայն հեռանկարներ կը բանայ բոյսերու աճեցման համար, անկախ՝ գոյութիւն ունեցող հողային տարածութիւններէն։
Վրաստանի Հայ Գրողներու միութեան կազմակերպութեամբ Թիֆլիսի մէջ վերջերս տօնուած է Բագրատ Այվազեանի ծննդեան հարիւրամեակը։ Բանախօսները թուած են գրագէտին գործերը՝ «Աշոտ Երկաթ», «Անիի կործանումը», «Հիւսիսի արծիւը» վէպերը, «Մի հառաջանք», եւ այլ վիպակները ու շեշտած գրագէտին ձգտումները։