Անցեալ Դեկտեմբեր 15-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ առաջին թիւը «Հայաստան» շաբաթաթերթին, որ այնուհետեւ կանոնաւորաբար կը հրատարակուի ամէն շաբաթ, ճոխ եւ այլազան բովանդակութեամբ, հայերէն եւ ֆրանսերէն ընտիր յօդուածներով:
«Հայաստան» պաշտօնաթերթն է ՀՅ Դաշնակցութեան նոր սերունդին, որ տարիներէ ի վեր կը հրատարակէր համանուն ամսաթերթ մը, որ այժմ, արմատական բարեփոխութեամբ մը, կ՛առաջադրէ ըլլալ նոր սերունդին ձայնը՝ ուղղուած այն երիտասարդութեան, որ ծնաւ ու հասակ նետեց օտար ափերուն վրայ, բայց շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան առինքնող գաղափարականին, հակառակ բոլոր փորձութիւններուն, տակաւին ինքզինք կապուած կը զգայ մեր կեանքին ու հայ ժողովուրդի իտէալներուն: Շաբաթաթերթին շուրջ բոլորուած են ծանօթ անուններ՝ խմբագրապետութեամբ ֆրանսահայ գրագէտ Կարապետ Փոլատեանի: Հայկական բաժնին մէջ իր մնայուն աշխատակցութիւնը կը բերէ Պօղոս Սնապեան, որ ներկայիս Ֆրանսա կը գտնուի: Իսկ ֆրանսական բաժինը ճոխացած է ֆրանսացի ծանօթ բանաստեղծ Լիւք-Անտրէ Մարսելի «Հայկական քրոնիք»ով, Ժան Պալարի, Հուրի Իփէկեանի եւ այլ ծանօթ գրագէտներու աշխատակցութեամբ: Առաջին հինգ-վեց թիւերու ընթերցումը ինքնին գրաւական մըն է այն յաջողութեան, որ «Հայաստան» պիտի ունենայ իր հիմնական առաջադրանքներու ճամբուն վրայ: Թերթը կþարժանանայ գնահատանքին ու համակրանքին անոնց, որոնք գրեթէ բոլոր գաղութներու մէջ լծուած են հայապահպանման նուիրական գործին: Որովհետեւ «Հայաստան», օրգանն է Ֆրանսայի «ՀՅԴ Նոր Սերունդ»ին, չ՛ուղղուիր սակայն միայն ֆրանսահայ երիտասարդութեան, այլ՝ բոլոր գաղութներու երիտասարդներուն, որոնք որպէս սրբազան ուխտի մը նուիրեալները պատրաստ են հին սերունդին փոխանցած ջահը միշտ վառ պահելու՝ ի խնդիր վսեմ պայքարներու: Վստահ ենք, որ «Հայաստան» իր արժէքին համապատասխան տեղ մը պիտի ունենայ մեր երիտասարդութեան մօտ, որ դաստիարակուած է հայութեան ծառայելու նոյն նշանաբանով: