Բանաստեղծուհի Ս. Կապուտիկեան ժամանեց Գահիրէի օդանաւակայանը, ուր ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ հայ համայնքի բոլոր խաւերու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ապա առաջնորդուեցաւ Սեմիրամիս պանդոկը, ուր պիտի մնայ Գահիրէ իր բնակութեան ընթացքին։ Նոյն երեկոյեան
Ս. Կապուտիկեան իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ գաղութի ազգային մարմիններուն ու հաստատութեանց, յարանուանութեան բոլոր վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն եւ անխտիր բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ։ Ս. Կապուտիկեանի ժամանումէն առաջ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն մասնակութիւնը բերին երիտասարդ շնորհալի արուեստագէտ¬արուեստագիտուհիներ՝ դաշնակով, մեներգով եւ արտասանութեամբ։ Ս. Կապուտիկեանի ժամանումէն ետք, սրբազան հայրը անդրադարձաւ հայրենի բանաստեղծուհիին այցելութեան բարերար դերին՝ հայ ժողովուրդի հայրենասիրական զգացումներու արծարծման եւ հայապահպանման գործին մէջ։ Ապա, խանդավառ ծափերու մէջ բեմ հրաւիրուեցաւ Սիլվա Կապուտիկեան, որ յայտնապէս յուզուած, ոգեշունչ բառերով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն եղած ջերմ ընդունելութեան համար։ Ընդգծեց թէ՝ խորապէս տպա¬ ւորուած է հայ գաղութներու կենսունակութեամբ, հայ ազգային կեանքի կազմակերպութեամբ եւ հայութեան ցուցաբերած ազգային բարձր գիտակցութեամբ։ Շեշտեց նաեւ թէ՝ մեծ ուրախութեամբ հաստատած է որ, հայ մանուկները ապահով երդիք ունին իրենց գլխուն վրայ, ապահովուած են բարեկարգ վարժարաններով եւ կը գտնուին հաւատաւոր եւ նուիրեալ հայ ուսուցիչներու եւ ազգային մարմիններու հոգածութեան ու գուրգուրանքին տակ։ Նկատած է նաեւ որ հայ գաղութներուն մէջ վառ կը մնայ հայ ոգին, կը ծաղկի հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը՝ իր ակնկալածէն աւելի մեծ թափով ու տարողութեամբ։ Ս. Կապուտիկեանի խօսքէն ետք, սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ ընդունելութիւնը։ Ներկաները մեկնեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով։