Փետրուար ամսուան ընթացքին տեղի ունե ցաւ Քասթրիի Զուիցերիական բարեսիրական հաստատութեան նոր տաղաւարի բացումը։
Ներկայ էին՝ խնամատարական նախարարութեան ընդհ. տնօրէն պրն. Ցալտարիս, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գաղթականաց Գրասենեակի տնօրէն պրն. Գունս, փոխ տնօրէն պրն. Կուտյըր, Զուիցերիոյ դեսպան պրն. Ֆիւս եւ հելլէն եւ օտար այլ հրաւիրեալներ։ Նմանապէս ներկայ էին՝ արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեան, արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Միսաքեան, Վեր. Գր. Տեմիրճեան, Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը, Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէնուհի տիկ. Ա. Ճէճիզեան, Ազգային եւ Զաւարեան ՄԻացեալ վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Ալիս Ֆարաճեան, Բարեգործականի ներկայացուցիչներ, «Ազատ Օր»ի թղթակիցը եւայլն։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Տէր Խոշորեան, Տէր Բարաղամեան եւ Տէր Միսաքեան հայրերու կողմէ կատարուած կարճ արարողութեամբ մը։ Ապա՝ Զուիցերիական հաստատութեան տնօրէն պրն. Պենծիկըր անգլերէն լեզուով, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հաստատութեան գործունէութիւնը։ Յետոյ, խօսեցան՝ Միաց. Ազգերու Գաղթականաց Գրասենեակի տնօրէնը եւ Զուիցերիոյ Աթէնքի դեսպան պրն. Ֆիւս։ Հայ համայնքի կողմէ խօսեցան՝ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենպետ պրն. Ներսէս Յակոբեան եւ վերապատուելի Գր. Տէմիրճեան։ Յաջորդաբար, ՄԱԿ-ի Գաղթականաց Գրասենեակի փոխ տնօրէն պրն. Կուտյըր կատարեց բացումը նորաշէն տաղաւարին, որուն շինութեան ծախքերը հոգացած են Զուիցերիական հաստատութիւնը եւ ՄԱԿ-ը։ Նոր տաղաւարը օժտուած է արդիական եւ առողջապահական ամէն յարմարութիւններով ու շինուած է գեղատեսիլ եւ օդասուն վայրի մը մէջ։ Հանդիսականները շրջեցան տաղաւարի զանազան մասերը եւ մեծարուեցան։ Զուիցերիական հաստատութեան մէջ ձմեռը կը պատսպարուին յիսուն երկսեռ պատանիներ իսկ ամառը հարիւրի մօտ - որոնց գրեթէ կէսը հայ։