Տառապագին ժամեր անցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Կաթողիկոս Զարեհ Ա., կուրծքի ծանր ցաւերով: Անխուսափելի վախճանը եկաւ 20 Փետրուար առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Անմիջապէս լուր տրուեցաւ Ազգային վերին մարմիններուն, որոնք փութացին հիւանդանոց, գըլխաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն արք. Բարոյեանի: Բոլորը աննկարագրելի յուզումի մատնուած էին: Առաջնորդ սրբազանի պատուէրով Վեհափառի մարմինը զմռսուեցաւ: Ապա սրբազան հայրը պետական հայ երեսփոխաններ եւ Ազգային Իշխանութեանց անդամներ Անթիլիաս համախմբուեցան, ուր սրբազանի նախագահութեամբ անմիջական կարգադրութիւններ ընելու համար ժողով մը գումարուեցաւ: Կէսօրուայ ժամերուն, առաջնորդ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ պետական հայ երեսփոխաններուն, Զուգի նախագահական պալատը այցելեց, պաշտօնապէս հաղորդելու համար Վեհափառին մահը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շէհապի: Նախագահը, շատ զգացուած, իր ցաւակցութիւնները յայտնեց հայ ժողովուրդին, յայտնելով թէ պետութիւնը ըստ պատշաճի պիտի մասնակցի յուղարկաւորութեան: Վեհափառի վախճանման լուրը խոր յուզումի մատնեց Լիբանանի քաղաքական եւ կրօնական շրջանակները: Անթիլիաս ցաւակցական այցելութիւններ կատարեցին երեսփոխաններ եւ կրօնական առաջնորդներ: Որոշուեցաւ որ ազգային բոլոր վարժարանները որպէս սուգի նշան փակ մնան մինչեւ Երկուշաբթի, նոյնպէս փակ պիտի մնան Հայկազեան քոլէճը եւ քոյր յարանուանութեանց վարժարանները: Փակուեցան Պուրճ Համուտի խանութները եւ ջնջուեցան բոլոր տեսակի հանդէսներն ու տօնակատարութիւնները: Վեհափառ հայրապետի զմռսուած մարմինը փոխադրուեցաւ Ս.Նշան մայր եկեղեցին, որպէսզի  հաւատացեալները յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանեն վախճանեալ հայրապետին: Յուղարկաւրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 24 Փետրուարին: (Շար.)