- Օդային գծով Աթէնք ժամանեց աշխարհահռչակ հայազգի երգահան եւ երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեան, որ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ նուագահանդէսներ պիտի ղեկավարէ ներկայացնելով իր երեք նոր գործերը։ Հռչակաւոր արուեստագէտը տեսնելու եւ անոր բարի գալուստ մաղթելու համար Էլլինիքոյի օդանաւակայանը փութացած էին հելլէն մամլոյ

Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է փրոֆ. Մ. Սանթրոսեանի նոր գիրքը՝ «Արեւելահայ դպրոցը ԺԹ. դարու առաջին կիսուն» ստուարածաւալ աշխատութիւնը: ԺԹ. դարու առաջին կէսը հայութեան համար եղած է տառապանքներով եւ ազատագրական պայքարի ընդվզումներով լի ժամանակաշրջան մը: Ըստ երեւոյթին, ֆիզիքական բնաջնջման ամէնօրեայ վտանգին տակ

- Երեւանի մօտերը գտնուող այս անտառը իր ծառատեսակներով, թուփերով, արագահոս գետակներով, լճակներով եւ ընդհանրապէս իր ինքնատիպ բնութեամբ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ հայրենի տեսարժան վայրերուն մէջ։ Այս անտառը հիմնուած է Խոսրով թագաւորի օրով եւ եղած է անոր սիրած որսի եւ պտոյտի վայրը։

- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան իշխանական նուիրատուութեան շնորհիւ, Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը տիրացած է կեդրոնական ջեռուցումով արդիական ընդարձակ շէնքի մը, որ կոչուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան շէնք»։ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան յատկացուցած 41 հազար տոլարին վրայ, Ազգ. Առաջնորդարանը աւելցուցած է 75 հազար սուրիական ոսկի,

- Երեւանի մէջ լրանալու մօտ է կառուցումը քիմիական հակազդիչներու գործարանի մը։ Գործարանը պիտի օգտագործէ տեղական նախանիւթեր ու պիտի արտադրէ տարբեր տեսակի 875 հակազդիչներ։ Գործարանի արտադրութիւնը պիտի գործածուի քիմիական սննդեղէնի եւ բժշկական մետաղագործական արդիւնաբերութեան մէջ։ Նոյն ատեն, նոր նեռնարկութիւնը որպէս հիմք