50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է փրոֆ. Մ. Սանթրոսեանի նոր գիրքը՝ «Արեւելահայ դպրոցը ԺԹ. դարու առաջին կիսուն» ստուարածաւալ աշխատութիւնը: ԺԹ. դարու առաջին կէսը հայութեան համար եղած է տառապանքներով եւ ազատագրական պայքարի ընդվզումներով լի ժամանակաշրջան մը: Ըստ երեւոյթին, ֆիզիքական բնաջնջման ամէնօրեայ վտանգին տակ գտնուող մեր ժողովուրդը ժամանակ եւ պատեհութիւն պիտի չունենար մտածելու իր հոգեւոր սնունդին մասին: Սակայն գիրքին վաստակաւոր հեղինակը մոռնալու դատապարտուած փաստաթուղթերէն եւ դիւաններէն երեւան հանած վաւերագիրներուն շնորհիւ ցոյց կու տայ, թէ ահաւոր եւ օրհասական այդ օրերուն իսկ մեր ժողովուրդը մտածած է նաեւ հայ դպրոցի մասին: «Հայրենի հողից պոկուած եւ աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւնները նետուած հայերի՝ իրենց ազգային ինքնուրոյնութիւնն ու լեզուն ինչ գնով էլ լինի պահպանելու տոկուն, երբեմն էլ անյուսալի ճիգերի օրինակ կարող է ծառայել անցեալ դարի 50ական թուականներին ամենահեռաւոր հայկական գաղթավայրերում՝ Ինտոնեզիայի Ճաւա կղզու Պաթաւիա (Ճաքարթա) քաղաքում հայկական դպրոց հիմնելը», կը գրէ հեղինակը: Գիրքին մէջ իրենց պատշաճ տեղը գրաւած են հայկական հինգ կարեւոր թեմերը՝ իրենց դպրոցական եւ կրթական կեանքով: Հոս նիւթեր կան Վրաստանի, Երեւանի, Ղարաբաղի, Շամախի, Աստրախանի, Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ հայկական թեմերու, Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի հայկական գաղութներու դպրոցներուն, անոնց հիմնադրութեան, գոյատեւման միջոցներուն, ուսումնական վիճակին, դասաւանդուած նիւթերուն եւ դասագիրքերուն մասին: Հեղինակը հանգամանօրէն կը խօսի կարգ մը կրթարաններու մասին, ինչպէս՝ Էջմիածնի Ժառանգաւորաց, Աստրախանի «Էղաբաբեան» դպրոցները, Մոսկուայի «Լազարեան» ճեմարանը, Թիֆլիսի «Ներսիսեան» դպրոցը, Երեւանի եւ Շուշիի թեմական դպրոցները: