- Վերջերս Երեւան այցելած է զուիցերիացի անուանի թատերագիր Ֆրիտրիխ Տիւրենմատ։ Զուիցերիացի մեծ թատերագիրը յայտարարած է.- «Հայ ժողովուրդը իր մեծ բաժինը բերած է համաշխարհային մշակոյթի զարգացման մէջ։ Ես յատկապէս եկած եմ Հայաստան՝ հայ հին ժողովուրդի մշակոյթին աւելի մօտէն ծանօթանալու համար»։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Գրական յուշերու մատենաշար»ին առաջին գիրքը, նուիրուած՝ հայ քնարերգութեան մեծագոյն ներկայացուցիչներէն՝ Վահան Տէրեանի։ Հաւաքածոն, որ կը կրէ «Վահան Տէրեանը ժամանակակիցների յուշերում» խորագիրը, բաղկացած է չորս բաժիններէ։ Առաջին բաժնին մէջ զետեղուած են այն յուշերը, որոնք աւելի շատ գրական դիմանկարներ եւ ընդհանուր բնութագրութիւններ են եւ կը վերաբերին ոչ միայն Տէրեանի կեանքին այս կամ այն շրջանին, այլ առհասարակ անոր։ Անոնցմէ լաւագոյններն են Աւ. Իսահակեանի եւ Ստ. Զօրեանի յուշերը։ Ներկայացուած են նաեւ Ե. Չարենցի, Ն. Մառի, Գ. Լեւոնեանի եւ Թումանեանի յուշերը։ Երկրորդ բաժնին մէջ տեղ գտած յուշերը կը վերաբերին բանաստեղծին ընտանիքին ու մանկութեան, ինչպէս նաեւ «Տէրեանը հայրենի յարկի տակ» նիւթին։ Այդ յուշերուն հեղինակներն են բանստեղծին երեք եղբայրները՝ Արամ, Ներսէս, Ղազարոս (Ջաւախեցի) Տէր-Գրիգորեանները եւ կրտսեր քոյրը՝ Հեղինէ Վարդապետեան։ Երրորդ բաժնին յուշերը նուիրուած են բանաստեղծին կեանքին մինչեւ 1917 շրջանին՝ Տէրեանի ուսանողական տարիներուն Լազարեան ճեմարանի, ապա նաեւ Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի համալսարաններուն մէջ։ Չորրորդ բաժնին յուշերը կը վերաբերին բանաստեղծի կեանքի վերջին տարիներուն (1917-1920)։ Վերջին երկու բաժիններուն մէջ ներկայացուած յուշերուն հեղինակներն են բանաստեղծին դասընկերները, մտերիմներն ու ծանօթները, ինչպէս նաեւ այն գրողներն ու մշակոյթի գործիչները, որոնք մօտէն ճանչցած են բանաստեղծը։ Ժամանակակիցներու յուշերը ընթերցողին առջեւ կը բանան Վ. Տէրեանի կեանքին ծանօթ եւ անծանօթ էջերը։